Աւստրալահայ Գաղութի Ղեկավարներու Կոչը Զօրակցելու Արցախին

By armenia.com.au | Thursday, 14 July 2016

Աւստրալահայ գաղութը կը պատրաստուի Երկուշաբթի 18 Յուլիս, 2016-ի տեղի ունենալիք Արցախի զօրակցութեան նուիրուած թելեթոնին որուն հասոյթը պիտի յատկացուի <<ԼՂՀ անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ֆոնտ>>-ին: Այս առընչութեամբ Աւստրալահայ գաղութի ղեկավար դէմքերը Արմենիա Մետիայի միջոցաւ կոչ կ'ուղղեն գաղութի զաւակներուն աշխուժօրէն մասնակցելու թելեթոնին:

Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան գրաւոր նամակով մը յորդորեց գաղութի զաւակները ըսելով «Կը քաջալերենք մեր ողջ համայնքը սատար հանդիսանալու այս ազգանուէր եւ վեհ Ձեռնարկին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Արցախի ապահովութիւնը Հայաստանի ապահովութիւնն է: Արցախը դարպասն է Հայաստանի իսկ առանց Հայաստանի՝ Սփիւռքի մեր գոյութիւնն ալ անիմաստ կը դառնայ»:

Ընթերցելու համար ամբողջական նամակը այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:

Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Հայր Բարսեղ Սուսանեանի կոչը կրնաք դիտել հետեւեալ կայքէջէն:

Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանի կոչը դիտելու համար այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարի ներկայացուցիչ Էտիկ Դարպբնեանի կոչը դիտելու համար այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:


ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի կոչը փոխանցեց ընկեր Գէորգ Վարդանեան: Դիտելու համար ընկերոջ կոչը կրնաք այցելել հետեւեալ կայքէջը:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կոչը փոխանցեց Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր գործավար Արին Մարգարեան:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան կոչը փոխանցեց խնամակալ կազմի անդամ Գարինա Արաքել:

Ընկեր Գէորգ Թերզեան փոխանցեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան կոչը:

Դիտելու համար Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Վիգէն Գալլողլեանի կոչը այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:

Հայ Օգնութեան Միութեան կոչը փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Նորա Սեւակեան:

 

Իր կարգին Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբայր Տիրան Վահրադեան փոխանցեց ՀՄԸՄ-ի կոչը:

Մայիս ամսուայ մէջ Արցախի մէջ տեղի ունեցած Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովէն ետք եւ համագործակցաբար ԼՂՀ կառավարութեան հետ հիմը դրուեցաւ <<ԼՂՀ անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ֆոնտ>>-ին որուն պիտի յատկացուի թելեթոնի հասոյթը:

Յիշենք որ վերոյիշեալ թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն՝ ՀՕՄ – Համազգային – ՀՄԸՄ – Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ – ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն եւ Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութիւն:

Երկուշաբթի, 18 Յուլիս, 2016-ին երեկոյեան ժամը 7-էն 10:30 Աւստրալահայ գաղութը հրաւիրուած է մասնակցելու թելեթոնին հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին 0487-000-748:

Թելեթոնին ուղիղ եթերով կրնաք դիտել հետեւելով Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան ֆէյսպուքի էջին   www.facebook.com/ArmeniaOnline ինչպէս նաեւ լսել Արմենիա Րատիօժամը 99.3 FM:

comments

Advertisement