Օրինաց Երկիր Կուսակցութեան Կին Թեկնածուներ Ցանկէն Դուրս Կու Գան

By Asbarez | Tuesday, 10 April 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մօտ մէկ շաբաթ առաջ «Երկիր»ը տեղեկացած է, որ Օրինաց Երկիր կուսակցութեան շարքերուն մէջ բողոքի ալիք բարձրացած է կիներուն կողմէ։ ՕԵԿէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, դժգոհութիւնները կը վերաբերին համամասնական ցանկին:

Այս տեղեկութիւնները 10 Ապրիլին վերահաստատուեցան, որովհետեւ դժգոհ կիները ցանկէն դուրս եկան։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի 10 Ապրիլի նիստին ընթացքին  վաւերացուց ՕԵԿի համամասնական ցանկէն Աշխէն Մանուկեանի, Կարինէ Մկրտչեանի եւ Մերի Ղոնեանի թեկնածութիւններու յետս կոչումը։

Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի դասախօս Աշխէն Մանուկեան ցանկի  45րդ դիրքին վրայ է, «Հայաստանում եւրոպական քոլեճ» հիմնադրամի Կապանի մասնաճիւղի տնօրէն Կարինէ Մկրտչեան՝  90րդ , իսկ Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիայի Կապանի մասնաճիւղի տարրալուծարանի աշխատող Մերի Ղոնեան՝ 169րդ:

Նշենք, որ Արթուր Բաղդասարեանին պատկանող Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիան ամբողջ դասախօսական կազմով ՕԵԿի ցանկին մէջ ներառուած է։

Չէ բացառուած, որ յառաջիկային ցանկէն դուրս գան նաեւ այլ կիներ։

comments

Advertisement