Ըստ Մանոյեանի՝ Ուաշինկթընեան Հանդիպումը Վատ Կրնայ Ըլլալ Սարգսեանի Համար

By Asbarez | Sunday, 04 April 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռատիօլուր>>.- ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Ապրիլ 2ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Ապրիլին, ամէն պարագայի, Ուաշինկթընի մէջ պիտի կայանայ Հայաստանի նախագահին եւ Թուրքիոյ վարչապետին հանդիպումը՝ ամերիկեան կողմի մասնակցութեամբ:

<<Սա առայժմ կարծիք է, բայց Միացեալ Նահանգների՝ Հայաստանի նախագահին ուղղուած ուշացած հրաւէրը այդ նպատակն է հետապնդում>>, ըսած է Կիրօ Մանոյեան եւ աւելցուցած. <<Թուրքական կողմը յայտարարելով, որ շուտով Էրտողանը վերջնականապէս կ՛որոշի Ուաշինկթըն մեկնել-չմեկնելու հարցը՝ նպատակ ունի ԱՄՆ գործադիր իշխանութիւնից երաշխիք ստանալ, որ Ապրիլի 24ին, ԱՄՆ Քոնկրեսի լիագումար նիստում, Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ չի լինի, եւ Օպաման իր ուղերձում չի օգտագործի <<ցեղասպանութիւն>> բառը: Այդ հանդիպումը նախագահ Սերժ Սարգսեանի համար բաւականին վատ է, քանի որ նրա իշխանութիւնը պէտք է մեղադրուի, որ առիթ տուեց, որ ԱՄՆ նախագահն այս տարի էլ խուսափի իր խոստումը կատարելուց>>:

Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով, մինչեւ Ապրիլ 24 շատ քիչ հաւանականութիւն կայ ամերիկեան Քոնկրեսին եւ այլ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ ցեղասպանութեան բանաձեւերուն ընդունման:

<<Այլ հարց է, եթէ Հայաստանի նախագահը հանդէս գայ այն կեցուածքով, ինչ որ՝ Տէր Զօրում>>, նշած է Մանոյեան եւ համոզմունք յայտնած, որ ԱՄՆ վարչակազմը, խորքին մէջ, դէմ է Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման, ու անոր քուէարկութիւնը չբացառող յայտարարութիւններ կ՛ընէ միայն այն պատճառով, որ պահէ հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացը, որ Մանոյեանի գնահատումով՝ տապալուած է, բայց կողմերէն ոչ մէկը ցանկութիւն ունի այդ մասին յայտարարելու։

Ըստ Մանոյեանի, Թուրքիան չի խոստովանիր, քանի որ այս իրավիճակը իրեն ձեռնտու է, իսկ Հայաստանը չ՛ըսեր, որպէսզի շարունակէ մնալ վստահելի գործընկեր: Մանոյեանի դիտարկումով, վստահելի գործընկեր ըլլալը այնքան ալ լաւ վարկանիշ չէ, եթէ խօսքը կը վերաբերի երկրի շահերուն եւ անվտանգութեան:

Ավտանգութեան սպառնալիքները, ըստ Մանոյեանի, կրնան աւելնալ, եթէ արագ հանգուցալուծուի հայ-թրքական մերձեցման գործընթացը: Պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան անդրադառնալով՝ Կիրօ Մանոյեան նշած է այն երկու դէպքերը, որոնց պարագային Ատրպէյճան նոր պատերազմ մը կրնայ սանձազերծել։

<<Առաջինը՝ եթէ վստահ լինի, որ կը յաղթի, իսկ այդպիսի վստահութիւն, կարծում եմ, առայժմ չկայ: Երկրորդ՝ եթէ հայ-թուրքական յարաբերութիւններում Թուրքիայի կողմից անտեսուեն իր շահերը: Այս երկուստէք սպասողական վիճակում, այսինքն՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների մասին է խօսքը, Ատրպէյճանը կարող է անհանգստանալ եւ ցանկանալ ինչ որ փոքր ռազմական քայլերով իրավիճակ ստեղծել:

Բայց կարծում եմ դրա հաւանականութիւնը քիչ է>>, ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուն՝ աւելցնելով, որ ԱՄՆ անվտանգութեան կառոյցներու վերլուծաբանները, իրենց կարգին կը յայտնեն, որ եթէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները ընթանան առանց Ատրպէյճանի շահերը հաշուի առնելու, ապա վերջինս, իրավիճակը փոխելու իբրեւ վերջին փորձ՝ կրնայ պատերազմական գործողութիւններու դիմել:

Կիրօ Մանոյեան պատերազմի վերսկսման վտանգին հետ չի կապեր նաեւ Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորմամբ զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքիի Հայաստան այցն ու պաշտպանութեան նախարարին եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահին հետ անոր հանդիպումները։ Նշենք, որ տարածաշրջան իր վերջին այցելութեան ընթացքին, Ռ. Պրատթքի ժամանած էր Հայաստան եւ հանդիպումներ ունեցած էր Ս. Օհանեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ:

<<Ենթադրում եմ, որ անմիջական մարդկային շփումների միջոցով տեղեկացուելու նպատակով էին այդ հանդիպումները: Չէ՞ որ Ռ. Քոչարեանը բանակցային փրոցեսի (գործընթացի-Խմբ.) դերակատարներից է. բացի այդ, Պրատթքի նաեւ նոր համանախագահ է>>, յայտնած է Կ. Մանոյեան, որ անդրադառնալով Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացին՝ աւելցուցած է, թէ ինք, գոնէ գալիք ամիսներուն, յառաջընթաց ակնկալելու հիմքեր չի տեսներ։

comments