Մինսկի Ռուս Համանախագահը Արցախը Կ՛ուզէ Տեսնել Բանակցային Կողմ

By Asbarez | Thursday, 09 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի օր, Մինսկի խումբի համանախագահներու տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով յայտարարած է, որ Ղարաբաղը պէտք է դառնայ ԼՂ խնդիրի կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցութիւններու մասնակից: Մերզլեաքով միաժամանակ ընդգծած է, թէ համանախագահները երբեւիցէ չեն թաքցուցած այդ հարցին վերաբերեալ իրենց ունեցած դիրքորոշումը:

Փանորամա» լրատուական ծառայութեան հաղորդումով, Մերզլեաքով ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, թէ «Նման մասնակցութիւն պէտք է լինի, եւ մենք ակնկալում ենք, որ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքների շուրջ համաձայնութեան գալու պարագայում, դրանց հիման վրայ կը սկսուի համաձայնագրի տեքստի մշակումը, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները կը մասնակցեն այդ գործընթացին այն ձեւաչափով, որի շուրջ կողմերը համաձայնութեան կը գան: Մանաւանդ, որ ապագայ համաձայնագրի կէտերի կէսը նրանց կեանքին է վերաբերելու»:

Երեւանի ֆրանսական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ նշած է, որ իրենց ծրագիրով նախատեսուած ԼՂՀ այցելութիւնը տեղի չէ ունեցած միայն եղանակին պատճառով:

Դարձեալ «Փանորամա»ի համաձայն, Ֆասիէ Արցախ չմեկնելու հարցին անդրադառնալով՝ յայտնած է. «Ես տեսայ, որ ձեզանից ոմանք ժպտում են: Բայց ի զուր են ժպտում, սխալւում են: Կոչ եմ անում զանգել պարոն Սահակեանին ու հարցնել մեր խօսակցութեան մասին»: Ֆասիէն աւելցուցած է, որ յաջորդ անգամ աւելի երկար ժամանակ պիտի նախատեսեն այցելութեան համար, որպէսզի եղանակային նման պայմաններու պարագային, ցամաքային ճամբով կարենան հասնիլ Արցախ:
Համանախագահները, որոնք այսօր կը մեկնին Պաքու, ասուլիսի ընթացքին եւս մէկ անգամ հաստատած են, որ բանակցութիւնները կ՛ընթանան մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ՝ ներառելով երեք հիմնարար իրաւունքներ՝ ուժի չկիրառում, ազգերու ինքնորոշում ու տարածքային ամբողջականութիւն:

Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի յայտարարութիւններու գնահատականին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ համանախագահները առաջընթաց նկատած են այն յայտարարութիւնը, թէ՝ Ղարաբաղի մէջ հայերը կրնան անվտանգ ապրիլ:

Մերզլեաքով, իր կարգին յայտնած է, թէ Ատրպէյճանի նախագահը խօսած է իր երազածի մասին: «Միամիտ կը լինէր հաւատալ այն բանին, որ Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարէր, թէ երազում է, որ Ղարաբաղը անկախ լինի», կը հաղորդէ «Փանորամա» ռուս միջնորդին անունով:
Իսկ Ֆասիէ նշած է, որ հրապարակային յայտարարութիւնները միշտ չեն համընկնիր բանակցութիւններու էութեան հետ:

Մենք միջնորդներ չենք դեկլարացիաներու (յայտարարութիւններու-Խմբ.) միջեւ, այլ՝ նախագահներու: Ատիկա բոլորովին այլ բան է», ըսած է Ֆասիէ:

Ֆրանսացի համանախագահը նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ տուած է Մատրիտեան սկզբունքներուն մասին: Ըստ անոր, մատրիտեան առաջարկները բաղկացած են 15 կէտերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին շուրջ պէտք է տեղի ունենայ քննարկում: Ներկայ հանգրուանին կը քննարկուին միայն 2-3 կէտեր:

Մենք յոյս ունինք, որ նախագահները Յուլիսին այդ կէտերուն շուրջ կը համաձայնին, կ՛ամփոփեն եւ նոր թեմա կը բանան բանակցութեան համար», յայտնած է Ֆասիէ:

Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 8ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէին (Ֆրանսա), Մէթիու Պրայզան (ԱՄՆ) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:

Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին, զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն յառաջիկայ հանդիպման նախապատրաստման առնչուող հարցեր:

Անդրադառնալով Մինսկի խումբի ծիրէն ներս իրականացող բանակցութիւններու ձեւաչափին՝ Է. Նալբանդեան նշած է բանակցային գործընթացին մէջ արցախեան կողմի լիակատար մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ խաղաղ գործընթացի արդիւնաւէտութեան երաշխիք:

Հանդիպումէն ետք, անսալով լրագրողներու խնդրանքին եւ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարաթիւնը՝ Ազրպէյճանի կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղին ինքնավարութիւն տալու մասին՝ Է. Նալբանդեան յայտնած է, որ Արցախի կարգավիճակին հարցը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ որոշուելիք հարց չէ. այդ հարցին որոշման իրաւունքը, ըստ Նալբանդեանի, կը պատկանի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին:

comments

Advertisement