By Asbarez | Thursday, 19 April 2012
Մեծ քաղաքներուն մէջ համերգներու ընկերակցութեամբ կայացած հանրահաւաք-հանդիպումներուն կողքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները խումբերով հանդիպումներ կ՛ունենան նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Կայացող բոլոր հաւաքներուն ու հանդիպումներուն նպատակը նոյնն է՝ կուսակցութեան ծրագիրները եւ անոնց գործադրութեան ձեւերը ծանօթացնել ընտրողներուն։
ՀՅԴ ներկայացուցիչներու մարզային հանդիպումները կայացած են Արագածոտնի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ։ Ներկայացնելով Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը՝ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ գիւղացիին դիմագրաւած հարցերուն մեծ տեղ տրուած է, մանաւանդ որ անոնք ցարդ անլոյծ կը մնան։
«Կարեւոր է անմշակ հողերի հարցը: Այստեղ շատ հողեր անմշակ են: Լուծելու ենք նաեւ ջրի, գազի հարցը», դիտել տուած է ան։
Պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան իր հերթին յորդորած է չխեղճանալ եւ տէր կանգնիլ սեփական ձայնին: Ան հաստատած է, որ այս ընտրութիւնները առիթ են մեծ թիւով հարցերու լուծում տալու եւ ժողովուրդը դուրս բերելու իր խղճալի վիճակէն։
«Հայաստանում ստեղծուել է խաղի մի կանոն. իւրաքանչիւր մարդ ունի ներքին վախ, որովհետեւ նա ահաբեկւում է իշխանութեան ներկայացուցիչների կողմից, մէկը զինուոր ունի, մէկը խանութ եւ վստահ չէ, թէ վաղն ինչ պիտի անի: Մենք պիտի կարողանանք գտնել համարձակութիւն սպանել մեր մէջ ապրող ստրուկին», ըսած է Լիլիթ Գալստեան:
«Դաշնակցութիւնն ընտրապայքարի է դուրս եկել վճռական կեցուածքով՝ որպէս մի ուժ, որը կարող է ե՛ւ կռիւ տալ, ե՛ւ աշխատել», նշած է Ընկերվար միջազգայնականի համաշխարհային կազմակերպութեան փոխնախագահ Մարիա Թիթիզեան:
Իսկ Աղուան Վարդանեան բացատրած է, որ տիրող քաղաքական մենաշնորհն է պատճառը Հայաստանի թէ՛ արտաքին, եւ թէ ներքին քաղաքականութեան ձախողութիւններուն։
«Իշխանութիւնը չի կարող պատկանել մի ուժի, երբ այս ուժը բացարձակ մեծամասնութիւն է, ու այն լճանում է եւ յղփանում», դիտել տուած է Վարդանեան
Չարենցաւանցիներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին երիտասարդ մը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանին հարց տուած է, որ ընտրութիւններէն ետք Դաշնակցութիւնը ո՞ր քաղաքական ուժին հետ պատրաստ է քոալիցիա կազմելու։ Ռուստամեան հաստատած է, որ Դաշնակցութեան համար կան կարմիր գիծեր, որոնք սկզբունքային են: ՀՅԴն կրնայ համագործակցիլ այն ուժին հետ, որ կը յայտարարէ, թէ կը հրաժարի հայ-թրքական արձանագրութիւններէն։ Արմէն Ռուստամեան կարեւոր նկատած է նաեւ Արցախեան հիմնահարցին նկատմամբ դրսեւորուած կեցուածքները։ Անոր համաձայն, 2 հանրաքուէներով սահմանուած անկախութենէն ոչ մէկ զիջում ընդունելի կրնայ ըլլալ։ Կուսակցութեան եւ այլ ուժերու հաւանական համագործակցութեան պարագային առանցքային պիտի ըլլայ նաեւ ընկերային բնագաւառին յատկացուող գումարները աւելցնելու հարցը։
«Սպառողական նուազագոյն զամբիւղից ցածր աշխատավարձ չի կարող լինել մեր երկրում», նշած է Ռուստամեան:
Հանդիպման աւարտին Չարենցաւանի բնակիչները Արմէն Ռուստամեանին ներկայացուցած են իրենց խնդիրները եւ մտահոգութիւնները: Հետաքրքարական էր մարդու մը մօտեցումը, որուն համաձայն հզօր սպառողական կարելիութիւններ ունեցողները դժուար թէ մտածեն այն մարդոց մասին, որոնք կ՛ապրին նուազագոյն սպառողական պայմաններով: Արմէն Ռուստամեան անգամ մը եւս յիշեցուցած է օրէնսդրական այն նախագիծերը, որոնք մերժուած են խորհրդարանական այն մեծամասնութեան կողմէ, որ այսօր նման խոստումներ կու տայ միայն քուէ շահելու համար։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ