By Asbarez | Thursday, 09 July 2009
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.Փի. Այ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնած է, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը շատ կարեւոր ու դժուար հարց է։ Հայ պաշտօնակիցներու հետ միասնաբար կանոնաւոր հանդիպումներ կ՛ունենանք ու քննարկումներ կը կատարենք»։
Նախարարը աւելցուցած է, թէ «Միասնաբար լուծումին մանրամասնութիւնները կը քննարկենք եւ նախագահներու հանդիպումը կը պատրաստենք։ Փրակի գործընթացին սկսելէն ի վեր, անցնող հինգ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ ձեռքբերումներ ունեցանք։ Դիրքերու մերձեցման մէջ դժուարութիւններ կան։ Սակայն բանակցութիւնները յառաջ կ՛ընթանան»։
Արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է նաեւ, որ Ատրպէյճան մտադիր է բանակցութիւնները զարգացնել։ «Ատրպէյճանի կեցուածքը հաստատ է։ Հայկական զինեալ ուժերը պէտք է հեռանան բռնագրաւուած հողերէն, հողերը պէտք է ազատագրուին, ներքին տեղափոխուած անձերը պէտք է իրենց բնակավայրերը վերադառնան, եւ միայն ատկէ ետք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է քննարկուի։ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ «սթաթիւս քօ»ն գոհացուցիչ չէ։ Հայաստան եւս ատիկա կը հասկնայ։ Ատրպէյճան երբե՛ք պիտի չհամաձայնի այս «սթաթիւս քօ»ին», խօսքը եզրափակած է Մամետեարով։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ