By Asbarez | Friday, 20 April 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ իշխող ուժը կը խոչընդոտէ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացումը։ Ան այս երեւոյթը վերագրեց խորհրդային օրերէն մնացած մտայնութեան եւ մօտեցումներուն, որովհետեւ անկախութեան բոլոր տարիներուն ալ կայացած ընտրութիւններուն ընթացքին խախտումներ եւ հարցեր արձանագրուած են։ Մարգարեանի համաձայն, ներկայի իշխանութիւնները նաեւ չունին պէտք եղած ժողովրդականութիւնը, ուստի միշտ կը դիմեն տարբեր միջոցներու, որպէսզի շարունակեն ամէն գնով իշխանութեան վրայ մնալ։ Ան յայտնած է, որ նոյնիսկ իշխանութեան մաս կազմած օրերուն, Դաշնակցութիւնը միշտ ալ բարձրաձայնած է տեղի ունեցած խախտումներուն մասին, նոյնիսկ աւելի յանդուգն կերպով, քան օրուան ընդդիմութիւնը։
Այլ քաղաքական ուժերու եւ շարժումներու հետ նախընտրական հանգրուանին կայացած համագործակցութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Հ. Մարգարեան դիտել տուած է, որ այդ գործակցութեան հիմնական նպատակը արդար ընտրութիւններու կայացումը ապահովելն է։ Ան հաստատած է, որ ինք բացի Դաշնակցութենէն ոչ ոքի կը հաւատայ, բայց եւ այնպէս կը յարգէ բոլորը, չի մերժեր համագործակցութիւնը եւ խաղաղ ու ներազգային մթնոլորտի ձեւաւորումը։ «Ես պարտաւոր եմ յարգել քաղաքական ուժերին՝ անկախ նրանից նրանք ինչքանով են ըստ էութեան ինձ համահունչ կամ ոչ: Նրանք ներկայացնում են իմ ժողովրդի ինչ-որ մի մասը, եւ ես պէտք է յարգեմ ժողովրդի ինչ-որ մասին: Յարգանքը տարբեր բան է, ընդունելը տարբեր բան է: Ես որեւէ կուսակցութեան չեմ ընտրում, թէ չէ դաշնակցական չէի լինի: Ես ընտրում եմ Դաշնակցութեանը», նշած է ան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատած է, որ Դաշնակութեան գոյութեան իմաստը Հայաստանն է ու հայ ժողովուրդը՝ աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը ծնունդ առած է այնպիսի հանգրուանի, երբ վտանգուած էին Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը։
«Այսօր էլ, եթէ մենք փորձում ենք ընտրութեան մասնակցելով հասնել իշխանութեան, նպատակ ունենք, որ կարելի դարձնենք հայ ժողովրդի անվտանգ գոյութիւնը եւ ապահովենք նրա համար լիակատար զարգացման հնարաւորութիւնը: Մենք տարբերւում ենք շատ շատերից, որովհետեւ մենք քարիերիստներ չենք, մենք ինչ-որ անձի կամ խմբակցութեան քարիերան ապահովելու համար չէ, որ ընտրապայքարի ենք դուրս եկել: Մենք հաւատում ենք, որ մենք մէկ ընդհանուր հաւաքական գործ ենք անում, եւ ոչ թէ առանձին անհատների համար իշխանութիւն ենք փորձում ապահովել», եզրափակած է ան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ