Բացումը Կատարուեցաւ Ասորիներու Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշաքարին

By Asbarez | Wednesday, 25 April 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 25 Ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը ասորիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարին: «Աթուռ» ասորական կազմակերպութեան նախագահ Արսէն Միխայլովը դիտել տուաւ, որ նման յուշաքարի մը կանգնեցման առաջարկ-նախագիծը արդէն տարիներ առաջ ներկայացուած էր Անդրանիկ Մարգարեանին, որ օրին իր համաձայնութիւնը տուած էր: «Մենք չենք մոռնար ասորի ազգի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Բոլորս Թուրքիայէն կը պահանջենք, որ ընդունի իր յանցագործութիւնը եւ հատուցէ այն կորուստները, զորս ունեցած են ասորի, հայ եւ յոյն ազգերը», հաստատեց Միխայլովը: Ան նշեց, որ յուշաքարի բացման աջակցած են Հայաստանի իշխանութիւնները՝ ի դէմ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի:

Բացման արարողութեան ներկայ եղող Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանը նշեց, որ ասորիները ունեցած են պետութիւն, դիմագրաւած են բազմաթիւ արհաւիրքներ եւ այսօր սփռուած են աշխարհով մէկ: «Աշխարհը փաստացի ընդունել է ցեղասպանութիւնը, սակայն նրա արգանդը տեղատուութեան մէջ է եւ մի օր պայթելու է: Մենք որեւէ ազգի չենք ցանկանում, որ նման յուշաքար բացեն: Պէտք է կարողանանք իրաւական հարթութեամբ մերժելի դարձնել ցեղասպանութիւնների իրագործումը», ըսաւ Սահակեան: Անոր համաձայն, այսօր ալ կը շարունակուի ցեղասպանութիւնը՝ այս անգամ մշակութային արժէքներու նկատմամբ։ «Պէտք է խօսել ոչ թէ վշտով, այլ՝ արժանապատուութեամբ», կոչ ուղղեց ան:

Խօսելով ասորիներուն դէմ կատարուած ցեղասպանութեան մասին՝ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարը նշեց, որ ասորիները Հայաստանը պէտք է նկատեն իրենց հայրենիքը: «Հայերը սրբօրէն ընդունում են նրանց, քանի որ այդ երկու ժողովուրդներն իրար նման են իրենց ճակատագրերով», նշեց ան:

Յուշաքարի բացումէն առաջ արեւելեան եկեղեցւոյ քահանան կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն հին ասորերէնով, որով խօսած է Յիսուս Քրիստոս:

Յուշաքարի բացման արարողութեան ներկայ էին տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ ասորիներ:

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Հայաստանի մէջ կ՛ապրի 5000 ասորի:

comments