Պրայզա Կը Մնայ Համանախագահ

By Asbarez | Thursday, 09 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Ֆրանսական դեսպանատան մէջ Յուլիս 8ին հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման մանդատը ունեցող՝ Մինսկի խումբի ամերիկեան համանախագահ Մէթիու Պրայզա, մեկնաբանելով ատրպեճանական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած տեղեկատուութիւնը, ըստ որուն՝ ինք պիտի նշանակուի Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպան՝ յայտնած է. «Ես տակաւին որեւէ այլ պաշտօնի վրայ չեմ նշանակուած, բացի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահի պաշտօնէն»:

Ըստ Պրայզայի, նման տարաձայնութիւններ միշտ ալ եղած են. «Ես յաճախ կը կարդամ, որ ինծի եւրոպական երկրի մը մէջ դեսպան նշանակած են, այդ ամէնը շատ հետաքրքրական է, բայց նախագահը ինծի տակաւին որեւէ պաշտօնի վրայ չէ հաստատած: Ես չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յետոյ, բայց արտաքին գործոց նախարար Հ. Քլինթընը ինծի բազմիցս յայտնած է, թէ իմ ամենակարեւոր խնդիրը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումն է, նաեւ, որ ես հնարաւոր չափով շատ աշխատիմ այս տարածաշրջանին մէջ», հաստատած է Մ. Պրայզա:

 

comments

Advertisement