By Asbarez | Friday, 04 May 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 4 Մայիսի երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է արտակարգ դէպք մը։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հանրահաւաքին մասնակցելու նպատակով մեծ թիւով մարդիկ հաւաքուած էին հոն։ Յանկարծ պայթումի ձայն լսուած է, եւ հրդեհ սկսած է։ Պարզուած է, որ անձ մը կը ծխէր կազով լեցուն փուչիկի մը կողքին կանգնած։ Այս մէկը պատճառ եղած է պայթումին։ Նկատի ունենալով, որ հրապարակը մարդոցմով լեցուն էր, մեծ թիւով անձեր տարբեր աստիճանի այրուածք ու վէրքեր ստացած են։ Շտապ օգնութեան ինքնաշարժը իսկոյն հասած է դէպքի վայր եւ հիւանդանոց փոխադրած վիրաւորները։ Կարճ ժամանակ ետք ամէն ինչ արդէն իր սովորական հունին մէջ էր եւ պատրաստ՝ հանրահաւաքի սկսելու։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ իր խօսքը արտասանելէ ետք անմիջապէս ուղղուած է Նայիրի բժշկական կեդրոն՝ վիրաւորներուն այցելելու։
Նշենք, որ հիւանդանոց փոխդադրուած անձերուն թիւը 144ի հասած է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ