Ղարաբաղեան Հարցով Եւրոմիութենէն Հրաշքներ Պէտք Չէ Ակնկալել

By Asbarez | Saturday, 01 May 2010

Թրքական <<Էյ.Պի. Հապեր>> լրատուական կայանը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիուլէ Եւրոխորհրդարանի անդամներուն տեղեկութիւններ հաղորդած է Ուքրանիա եւ Հարաւային Կովկաս կատարած այցելութիւններուն մասին։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ <<Եւրոմիութիւնը ի՞նչ կրնայ ընել, երբ Թուրքիա կը փորձէ շահագործել ղարաբաղեան հիմնախնդիրը, լռեցնելու համար 1915ին տեղի ունեցած սարսափելի իրադարձութիւններու մասին յայտարարողները։ Կրնա՞նք հաւաքական ջանքերով աւելի գործոն դերակատարութիւն ունենալ, ինչպէս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, այնպէս ալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու կարգաւորման հարցին մէջ>>՝ Ֆիուլէ յայտարարած է.

<<Ղարաբաղի հարցին մէջ մեր կարելին կ՛ընենք: Մեր կողմէն հրաշքներու մի սպասէք։ Սպասեցէք զարգացումներու։ Ժամանակի ընթացքին մեր դերը շաւ աւելի գործօն եւ շօշափելի պիտի դառնայ>>։

Իր կարգին, Եւրոխորհրդարանի ընկերվարական անդամ Եւկենի Քրիլով նկատած է, որ ղարաբաղեան հարցին առնչութեամբ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը յստակ չէ։

<<Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւնները պէտք է կարելի եղածին չափ զարգացնել։ Մենք անպայման պէտք է միանանք ժողովրդավարացման եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման գործընթացին: Ղարաբաղեան հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը այդքան ալ յստակ չէ։ Միայն հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին յայտարարութիւններով հանդէս գալը բաւական չէ։ Մենք աւելի շատ հետաքրքրութիւն պէտք է ցուցաբերենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ>>, յայտարարած է ան:

comments

Advertisement