Հայաստանի Ազգային Ժողովին Նոր Պատկերը… Ո՞ր Քաղաքական Ուժը՝ Քանի՞ Աթոռ Կը Զբաղեցնէ

By Թերթ | Tuesday, 08 May 2012


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արդէն կարելի է ստանալ նորընտիր՝ հինգերորդ գումարման Ազգային Ժողովի նախնական պատկերը, եւ իմանալ, թէ ո՞ր քաղաքական ուժը՝ քանի՞ աթոռ կը զբաղեցնէ խորհրդարանին մէջ:

Ըստ «Թերթ.էմ» կայքին, վերեւը նշուած ցուցանիշերը վերջնական չեն. անոնք կրնան ենթարկուիլ աննշան փոփոխութիւններու:

Հաշուի առնելով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին հրապարակած նախնական տուեալները՝ խորհրդարան անցած են 6 քաղաքական ուժեր՝ 5 կուսակցութիւններ (ՀՀԿ, ԲՀԿ, ՀՅԴ, «Ժառանգութիւն» եւ ՕԵԿ) եւ կուսակցութիւններու դաշինք մը՝ ՀԱԿը:

Ինչպէս կ՛երեւի վերեւը ներկայացուած աղիւսակէն, նշեալ քաղաքական ուժերուն ստացած ձայներու նախնական գումարը որոշ չափով կ՛աճի՝ ի հաշիւ 5 տոկոսանոց պայմանը չապահոված այլ ուժերու հաւաքած քուէներուն: Օրինակի համար, ՀԿԿի, ՀԴԿի եւ ՄՀԿի հաւաքած 1.63 տոկոսանոց քուէները, համապատասխանաբար կը բաշխուին վերոնշեալ 5 տոկոսի արգելքը յաղթահարած քաղաքական 6 ուժերուն միջեւ:

Այդ կշռուած տոկոսները բաշխելով համամասնական ընտրակարգով նախատեսուած 90 խորհրդարանական տեղերուն վրայ եւ անոնց գումարելով նաեւ մեծամասնական տեղերուն թիւը՝ կը ստանանք հետեւեալ պատկերը. Խորհրդարանին մէջ ՀՀԿն կ՛ունենայ 66, ԲՀԿն՝ 37, ՀԱԿը՝ 7, ՕԵԿն՝ 6, «Ժառանգութիւն»ը եւ ՀՅԴն՝ 5ական տեղ:

Բացի կուսակցական համամասնական ցանկերուն մէջ ընդգրկուած թեկնածուներէն, խորհրդարան անցած է նաեւ 6 հոգի. անոնցմէ 3ը առաջադրուած են ՀՀԿին կողմէ եւ հաւանաբար պիտի միանան ՀՀԿ խմբակցութեան: Անոնք են՝ Գարեգին Նուշիկեան՝ թիւ 10 ընտրատեղամասէն, Սեդրակ Սարոյեան՝ թիւ 19էն, եւ Արկադի Համբարձումեան՝ թիւ 29էն: Այսպիսով, ՀՀԿի պատգամաւորներուն թիւը կը հասնի 69ի, այսինքն՝ 3 աթոռով նոյնիսկ աւելի՝ բացարձակ մեծամասնութիւն կազմելու համար անհրաժեշտ նուազագոյնէն:

Այսպիսի ցուցանիշ մը ՀՀԿին հնարաւորութիւն կու տայ՝ նոյնիսկ առանց համաձայնութիւն գոյացնելու՝ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու: Բայց համախառն կառավարութիւն կը կազմուի՞, թէ ոչ՝ ի յայտ կու գայ հետագային:

«Թերթ»ի մէկ հարցումին, թէ արդեօք նորընտիր խորհրդարանին մէջ առկայ ուժերու յարաբերակցութիւնը կրնա՞յ համախառն կառավարութիւն կազմելու հիմք դառնալ, ՀՀԿ մամլոյ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով պատասխանեց, թէ ՀՀԿ այս պահուն համաձայնութիւն կազմելու հարց չի քննարկեր: «Յետընտրական բոլոր զարգացումները կը քննարկենք, երբ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը հրապարակի ընտրութիւնների վերջնական արդիւնքները», նշեց Շարմազանով:

Նշենք, որ Հայաստանի չորրորդ գումարման Ազգային ժողովի ընտրութիւնները (131 պատգամաւոր՝ 90 համամասնական եւ 41 մեծամասնական ընտրակարգով) տեղի ունեցան 25 Մայիս 2007ին: Ապա, մեծամասնական ընտրակարգով լրացուցիչ ընտրութիւններ տեղի ունեցան 26 Օգոստոս 2007ին եւ 24 Օգոստոս 2008ին:

ՀՀ չորրորդ գումարման Ազգային ժողովը իր աշխատանքին սկսաւ 7 Յունիս 2007ին: Օրին, Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Տիգրան Թորոսեանը, իսկ տեղակալներ ընտրուեցան Վահան Յովհաննիսեանն ու Իշխան Զաքարեանը: Յետագային, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալներ ընտրուեցան Արեւիկ Պետրոսեանը՝ 12 Նոյեմբեր 2007ին, Հրայր Կարապետեան՝ 20 Մայիս 2008ին (Վ. Յովհաննիսեան հրաժարական ներկայացուց), Սամուէլ Նիկոյեան՝ 18 Մայիս 2009ին (Հ. Կարապետեան հրաժարական ներկայացուց):

29 Սեպտեմբեր 2008ին Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Յովիկ Աբրահամեան:

ՀՀ չորրորդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ստեղծուեցան պատգամաւորական 5 խմբակցութիւններ՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն (64 պատգամաւոր), Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն (25 պատգամաւոր), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (16 պատգամաւոր), «Օրինաց Երկիր» (8 պատգամաւոր), «Ժառանգութիւն» (7 պատգամաւոր): Այս խմբակցութիւնները ստեղծուեցան 7 Յունիս 2007ին:

Այսպիսով, պէտք է արձանագրել, որ նախորդ ընտրութիւններուն համեմատ, ամենազգալի աճը արձանագրած է ԲՀԿն՝ իր պատգամաւորներու թիւը աւելցնելով 11ով, իսկ ամենամեծ կորուստը ունեցած է ՀՅԴն՝ 16 աթոռի փոխարէն այժմ ունենալով ընդամէնը 6: Երկուքական աթոռ կորսնցուցած են ՕԵԿն եւ «Ժառանգութիւն»ը, իսկ ՀՀԿն իր աթոռներուն թիւը աւելցուցած է 5ով:

Կարելի է նշմարել, որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ աթոռներու կեդրոնացում մեծ կուսակցութիւններուն միջեւ՝ դէմս ՀՀԿի եւ ԲՀԿի: Ասիկա տեղի ունեցաւ ինչպէս այլ կուսակցութիւններու, այնպէս ալ անկախ պատգամաւորներու հաշուոյն: Վերջիններուս թիւը 11 պատգամաւորէ ներկայիս իջած է 2ի, եթէ թիւ 30 եւ 40 ընտրատարածքներուն մէջ ընտրուած թեկնածուներ Էդմոն Մարուքեանն ու Մարինէ Մարապեանը որեւէ խմբակցութեան մը մէջ չընդգրկուին:

Իսկ նախորդ խորհրդարանին համեմատ, նորընտիր խորհրդարանին մէջ նորութիւնը պիտի ըլլայ նոր քաղաքական ուժի մը առկայութիւնը՝ ի դէմս Հայ Ազգային Կոնգրես դաշինքին, որ ամենայն հաւանականութեամբ՝ պիտի ստանայ 7 աթոռ:


comments