Մեծամասնական Ընտրակարգով Միայն Երկու Կին Ընտրուած Է

By Asbarez | Monday, 07 May 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 41 մեծամասնական ընտրական շրջաններուն մէջ ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 11 կիներ, որոնցմէ միայն երկուքը պատգամաւոր ընտրուեցան։

Թիւ 17 ընտրատարածքին մէջ պատգամաւոր ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Կարինէ Պօղոսեանը, իսկ թիւ 40ին մէջ՝ անկուսակցական, «Ինթըրնեշընըլ Մասիս թապաք» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարինա Մարաբեանը: Վերջինին կ՛աջակցէր Հանրապետական կուսակցութիւնը։

comments

Advertisement