Նորընտիր Ազգային Ժողովը Անդրանիկ Նիստը Պիտի Գումարէ 31 Մայիսին

By Asbarez | Monday, 07 May 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը  պիտի գումարուի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն երկու երրորդի ընտրութիւնէն ետք՝ երրորդ Հինգշաբթի օրը: Քուէարկութեան արդիւնքները արդէն կը յստականան եւ անոնց ամփոփումէն ետք պաշտօնական հրապարակումը պիտի կատարուի 13 Մայիսին։

Այսպիսով, նորընտիր Ազգային ժողովը իր անդրանիկ նիստը պիտի գումարէ 31 Մայիսին։ Այդ ժողովին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ կ՛ընտրուի Ազգային ժողովի նախագահը։

Հայաստանի Սահմանադրութեան 68րդ յօդուածին մէջ նշուած է. «Նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը գումարւում է պատգամաւորների ընդհանուր թուի առնուազն երկու երրորդի ընտրութիւնից յետոյ՝ երրորդ Հինգշաբթի օրը»:

Ազգային ժողովի առաջին նիստին օրը, ըստ Սահմանադրութեան, Հայաստանի նախագահը կ՛ընդունի կառավարութեան հրաժարականը, որմէ ետք, տասը օրերու ընթացքին, վարչապետ կը նշանակուի պատգամաւորներու մեծամասնութեան վստահութեան արժանացողը, իսկ եթէ այդ մեծամասնութիւնը կարելի չըլլայ գոյացնել, ապա մեծագոյն թիւով պատգամաւորներու վստահութիւնը վայելող անձը կ՛ըլլայ վարչապետ:

Կառավարութիւնը կը կազմուի վարչապետի նշանակումին յաջորդող 20 օրերուն ընթացքին, որմէ ետք անիկա իր ծրագիրը կը ներկայացնէ Ազգային Ժողովին, որ զայն քննարկելէ ետք քուէարկութեան կը դնէ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement