By Asbarez | Saturday, 08 May 2010
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Տօնական մթնոլորտի մէջ է Արցախը ու յաղթանակի օրուան տօնակատարութիւնները արդէն սկսած են մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Ատրպէյճանը կրնա՞յ խանգարել այս մթնոլորտը: <<Ռիփորթ Էյ.Էմ.>>ի թղթակիցը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանին հարց տուած է, թէ՝ <<Ինչպէ՞ս էք վերաբերւում Ադրբեջանի կողմից պարբերաբար հնչող պատերազմական սպառնալիքներին, առաւել եւս, երբ այդ սպառնալիքների հեղինակն աւելի յաճախ նրանց պաշտպանութեան նախարարն է>>:
Նախարար Յակոբեան, որ այսօր, Ստեփանակերտի դպրոցներուն մէջ տրուող արիութեան դասերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ, պատասխանած է ըսելով. <<Ամէն դէպքում ես այդ բոլոր յայտարարութիւններին լուրջ եմ վերաբերւում, բայց գնահատական ենք տալիս, թէ ի՞նչն է իրականութեանը համապատասխանում>>:
Ըստ նախարարին Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնները աւելի շատ ամպագոռգոռ են, քան պաշտպանութեան նախարարինը, որովհետեւ զինուորականները այդ տեսանկիւնէն աւելի զուսպ են, քան քաղաքական գործիչները:
«Զինուորականներն իրական իրավիճակին տիրապետում են>>, աւելցուցած է պաշտպանութեան նախարարը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ