Երեւանի Մէջ Սկսաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

By Yerkir Media | Saturday, 08 May 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- Մայիս 7ին Երեւանի մէջ սկսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի յանձնախումբերու հերթական խորհրդաժողովի հանդիսաւոր նիստը, որուն բացումը կատարելով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան յայտնեց, թէ խորհրդաժողովը լաւ առիթ է անգամ մը եւս համադրելու ՀՅԴ աշխատանքները, կատարելու անհրաժեշտ արժեւորումներ եւ նախագծելու յառաջիկայ քաղաքական ուղեգիծը:

Ըստ Մկրտչեանի, Հայ Դատի յանձնախումբերը կը ներկայացնեն այն ուժը, որ Դաշնակցութիւնը կը կապէ սփիւռքահայ համայնքներուն եւ Հայաստանի հայութեան հետ:

Իր խօսքին մէջ Լեւոն Մկրտչեան կարեւոր համարեց հայկական երկու մայրաքաղաքներուն մէջ խորհրդաժողովի իրականացման հանգամանքը՝ նշելով, որ Հայ Դատի յանձնախումբերուն միջոցով է, որ կը կեդրոնացուի համահայկական ներուժը եւ իբրեւ ամբողջական ուժ՝ կ՛ապահովուի հայութեան ներկայութիւնը աշխարհի քաղաքական քարտէզին վրայ:

<<Խորհրդաժողովում հաւաքուած է յստակ նպատակներ ունեցող համակիրների մի զանգուած. մարդիկ, ովքեր հաւատում են, որ մեր ժողովրդի բնական եւ անքակտելի իրաւունքն է իր հայրենիքի ամբողջական տարածքում ունենալ միասնական, ուժեղ, մեծ պետութիւն: Այս երազին հաւատացող մարդիկ է, որ ապահովում են մեր ժողովրդի յարատեւութիւնը: Մենք հաւատում ենք, որ ՀՀ եւ ԼՂՀ այս մեծ ճանապարհի առաջին քայլերն են: Մենք հաւատում ենք, որ այդ հանրապետութիւնների ուժեղացմամբ է, որ հնարաւոր է համահայկական ներուժի կերտումը: Մենք հաւատում ենք, որ մեր ուժի ամենամեծ եւ զօրաւոր աղբիւրը սփիւռքահայ մեր համայնքներն են, եւ այս ճանապարհով է, որ մենք քայլ առ քայլ հասնելու ենք մեր նպատակներին>>, նշեց Լ. Մկրտչեան՝ աւելցնելով, որ ատիկա բնականաբար չի նշանակեր պատերազմ հարեւանի հետ:

Սա նշանակում է, որ քաղաքակիրթ աշխարհում, 21րդ դարում մենք ուզում ենք լինել հպարտ, տէր մեր իրաւունքներին, սեփական կամքը բացայայտ յայտնող եւ այդ ճանապարհով հետեւողականօրէն գնացող ժողովուրդ>>, խօսքը եզրափակեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Արցախի բանակցային գործընթացը եւ Արցախի կայացումը կը մնան Հայ Դատի յանձնախումբերու հիմնական օրակարգին վրայ։

Յ. Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն հիմնական չորս առաջնահերթութիւնները, որոնց առաջինը Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումն է, երկրորդը՝ հայապատկան հողերու, ներառեալ՝ æաւախքի խնդիրն է: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին խօսքերով, կարեւոր խնդիրներէն մէկը æաւախքի մէջ հայ ինքնութիւնը պահպանելու եւ հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ յստակ աշխատանքներ տանիլն է:

Երրորդ առաջնահերթութիւնը, ըստ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացն է, իսկ չորրորդը՝ հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զանգուածներու քաղաքականացման շարունակութիւնն է, եւ այդ առումով՝ անհրաժեշտ է Սփիւռքի հայութիւնը վերածել հզօր քաղաքական ազդակի: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը կարեւոր համարեց նաեւ հայ երիտասարդութեան համախմբումը Հայ Դատի գաղափարին շուրջ:

Անոր խօսքերով, այսօր հայութեան առջեւ դրուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակահայ քարոզչութեան հակազդելու խնդիրը, որովհետեւ պետական մակարդակով, դեսպանատուներու, վարձկան լոպիիստական գրասենեակներու միջոցով, մեր թշնամիները անցած են լուրջ աշխատանքի:

Յ. Տէր Խաչատուրեան նաեւ նշեց, որ անհրաժեշտ է նոր յարաբերութիւններ հաստատել եւ բանալ համագործակցութեան լայն դաշտ, ուր կարելի է ներգրաւել բոլոր անոնք, որոնք կրնան սատար կանգնիլ Հայ Դատին:

Ըստ իրեն, Սփիւռքի 3 աւանդական կուսակցութիւնները միասնաբար լծուած են այդ գործին, սակայն անհրաժեշտ է համահայկական միաւորում՝ մէկ ընդհանուր օրակարգի շուրջ, ուր պէտք է դերակատար ըլլայ նաեւ Հայաստանի հանրապետութիւնը:

<<Մենք պէտք է յստակացնենք յաջորդ երկու տարիներու առաջնահերթութիւնները, մարտավարութիւնները, որոնենք նոր աշխատանքներ, նոր դաշտեր եւ համակարգուած կերպով աշխատինք>>, եզրափակեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Նշենք, որ խորհրդաժողովի մասնակիցները Մայիս 8ին կը մեկնին Ստեփանակերտ, ուր կը շարունակեն իրենց աշխատանքները: Անոնք նաեւ կը մասնակցին Շուշիի ազատագրման նուիրուած հանդիսութեան եւ տօնակատարութիւններուն։

Նշենք նաեւ, որ երկու տարին անգամ մը կազմակերպուող խորհրդաժողովը արդէն երրորդ անգամն է, որ կը գումարուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքներուն մէջ:

comments