Դաշնակցութիւնը Պոյքոթի Կ՛ենթարկէ Չաւուշօղլուի Բոլոր Հանդիպումները

By Panorama | Wednesday, 12 May 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>>.- Ըստ ՀՀ Ազգային ժողովի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գոհար Պօղոսեանին, Եւրոպայի խորհրդարանի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի Հայաստան այցելութիւնը կը կրէ աշխատանքային բնոյթ եւ չի նախատեսեր այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդ:

<<Քանի որ Չաւուշօղլուի այցը աշխատանքային է, ապա դրա ընթացքում լինելու են միայն աշխատանքային հանդիպումներ, այլ բան նախատեսուած չէ>>, յայտնած է վարչութեան պետը՝ ընդգծելով, որ Մատենադարան, Ծիծեռնակաբերդ եւ այլ վայրեր այցելութիւնները նախատեսուած են պաշտօնական այցելութիւններու ընթացքին։

Նկատի առնելով Չաւուշօղլուի Ծիծեռնակաբերդ չայցելելու իրողութիւնը՝ ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան քարտուղար Ա. Շահբազեան յայտարարած է, որ ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկէ ԵԽԽՎ նախագահի հետ նախատեսուած բոլոր հանդիպումները:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին յղած է իր դիրքորոշումը բացատրող նամակ մը, ուր կը յայտնէ.

<<Մեր խմբակցութիւնը տեղեկացուած է այն մասին, որ ԵԽԽՎ նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուն ցանկութիւն է յայտնել հանդիպել ՀՀ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչների հետ: Սակայն, տեղեկացանք նաեւ, որ պրն. Չաւուշօղլուն հրաժարուել է 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան արարողակարգային այցելութիւնից, ինչը, մեր կարծիքով, հարիր չէ հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութեան ղեկավարին:

<<Նախկինում ԵԽԽՎ ղեկավարութեան ներկայացուցիչները երբեք իրենց թոյլ չեն տուել նման անյարգալից վերաբերմունք՝ անկախ այն բանից, թէ նրանց երկրները ճանաչել են, թէ չեն ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:

Փաստօրէն, տուեալ դէպքում պրն. Չաւուշօղլուն չի թաքցնում, որ Հայաստան է այցելում ոչ այնքան որպէս ԵԽԽՎ ղեկավար, որքան թուրք քաղաքական գործիչ: Այս պայմաններում մեր խմբակցութիւնը նպատակայարմար չի գտնում հանդիպել նրա հետ>>:

Ըստ ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի, Հայաստանի իշխանութիւնները ընդառաջել են ԵԽԽՎ նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուին եւ փոխած են անոր այցելութեան ձեւաչաձը: Ըստ նախատեսուած ծրագիրին, այցը պէտք է կայանար պաշտօնական ձեւաչափով, որ, ըստ պաշտօնական արարողակարգի, կ՛ենթադրէ բարձրաստիճան հիւրի այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Սակայն Չաւուշօղլուն հրաժարած է Եղեռնի զոհերու յուշահամալիր այցելութենէն՝ անուղղակիօրէն ստիպելով իշխանութիւնները, որ պաշտօնական այցը վերափոխեն աշխատանքային այցի:

comments

Advertisement