* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Օպամա, Մետվետեւ Եւ Սարքոզիի Յայտարարութիւն ԼՂՀի Հարցով

Saturday, 11 July 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: sarkozy, russia, france, usa, nkr, azerbaijan, nagorno karabakh, medvedev, obama

ԱԿՈՒԻԼԱ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներ Պարաք Օպամա, Տմիթրի Մետվետեւ եւ Նիքոլայ Սարքոզի, որոնք իտալական Ակուիլա քաղաքին մէջ ընթացող «Մեծ ութեակի» գագաթնաժողովին կը մասնակցին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են:

Ասոշիէթըտ Փրէս» լրատու գործակալութեան համաձայն, հրապարակուած յայտարարութեան մէջ երեք նախագահները հաստատած են հակամարտութիւնը հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ հանգուցալուծելու՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ջանքերուն աջակցելու իրենց հաւատարմութիւնը» եւ կոչ ուղղած են համաձայնութեան գալու «մնացեալ քանի մը հարցերուն շուրջ եւ աւարտին հասցնելու խաղաղ կարգաւորումը»:

Մենք յանձնարարած ենք մեր միջնորդներուն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն ներկայացնեն 2007 թուականի Նոյեմբեր 29ի մատրիտեան փաստաթուղթի նորացուած տարբերակը, որ կը պարունակէ համանախագահներու վերջին առաջարկութիւնները», նշուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ:

Համանախագահ երկիրներու առաջնորդները յոյս յայտնած են, որ նախագահները համաձայնութեան գան «յառաջիկայ շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին»:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Մետվետեւ երէկ «Վեստի» հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ համատեղ յայտարարութեան անդրադառնալով՝ գոհունակութիւն յայտնած է անոր հրապարակման առթիւ:

Մենք ընդունեցինք համապատասխան յայտարարութիւն եւ կոչ կ՛ընենք կողմերուն լրացուցիչ ջանքեր գործադրելու ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ», յայտնած է Մետվետեւ:

Ռուսիոյ նախագահը նշած է, թէ ինք յոյս ունի մօտիկ ապագային Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները իր մօտ ընդունելու Մոսկուա, եւ շարունակելու այդ հարցին քննարկումը:

Նշենք նաեւ, թէ Պաքուի մէջ, Մինսկի խումբի համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու յառաջիկայ մոսկովեան հանդիպումը հնարաւորութիւն պիտի տայ անցնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եզրափակիչ փուլ:

Տարածաշրջան մեր այցը նուիրուած էր Մոսկուայի մէջ նախագահներու հանդիպման նախապատրաստման, եւ այդ հանդիպումը պատրաստելու ընթացքին մենք շարունակեցինք կարծիքներու փոխանակումը հակամարտութեան կարգաւորման տակաւին չհամաձայնեցուած քանի մը հիմնարար սկզբունքներու շուրջ», յայտարարած է Մերզլիաքով:

Մենք գոհ ենք նախագահներու հետ կայացած հանդիպումներէն: Խօսակցութիւնը շատ կառուցողական էր եւ կը զգացուէր երկու նախագահներու դրական տրամադրութիւնը՝ յառաջիկայ հանդիպման վերաբերեալ», յայտնած է ռուս դիւանագէտը:

Մենք յոյս ունինք բանակցութիւնները աւարտելու հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող առնուազն երկու հարցի վերաբերեալ, եւ ատկէ ետք նոր բանավէճ մը սկսելու՝ այլ թեմային շուրջ, որ մինչեւ հիմա կը քննարկուէր միայն ընդհանուր գիծերով», ըսած է Մինկսի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, Մերզլիաքովի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Պաքուի մէջ:

Ֆրանսացի դիւանագէտը նշած է, որ եթէ մինչեւ տարեվերջ միջնորդները նախագահներէն հաւանութիւն ստանան հիմնարար սկզբունքներուն վերաբերեալ, ապա յաջորդ տարուան սկիզբը հնարաւոր կ՛ըլլայ շարունակել աշխատանքը եւ զայն վերածել պայմանագրի:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement