Ատրպէյճան Կ՛ողջունէ ՆԱԹՕի Բանաձեւը

By Asbarez | Tuesday, 22 May 2012

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլաեւ Երեքշաբթի, Մայիս 22ին ողջունեց ՆԱԹՕի Շիքակոյի գերաստիճանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւին այն բաժինը, որ յատկացուած է Արցախի տագնապին՝ պնդելով, թէ ան «ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին»:

Ակնարկելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին կատարած այն յայտարարութեան, թէ բանաձեւը կը հակադրուի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի առաջարկած սկզբունքներուն եւ այդ պատճառով կրնայ վնաս հասցնել բանակցութեանց՝ Ապտուլաեւ յայտարարեց, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին նպատակը Հայաստանի ժողովուրդին մօտ սխալ տպաւորութիւն ստեղծել է սոյն բանաձեւին շուրջ: Ան «անհիմն» որակեց Նալբանդեանի այդ յայտարարութիւնը:

comments

Advertisement