By Asbarez | Wednesday, 23 May 2012
ԵՐԵՒԱՆ.- «Կովկաս» հիմնարկի տնօրէն, քաղաքագէտ Ալեքսանդր Իսկանդարեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է այն կուսակցութիւնը, որ կրնայ իր գոյութիւնը պահել համաձայնական կառավարութենէն դուրս։ «Եւ ՀՅԴի՝ նախորդ ընտրութիւնների համեմատ ցածր ցուցանիշներ ցոյց տալը քոալիսիայից նրանց դուրս գալու հետ կապուած չէր», հաստատեց ան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ՀՅԴի ցած ցուցանիշները առնչուա՞ծ էին համաձայնական կառավարութենէն անոր հեռացման, իսկ ԲՀԿի բարձր ցուցանիշները՝ նման կառավարութեան մէջ մնալուն եւ հոնկէ ընդդիմադիր հռետորութեամբ հանդէս գալու հանգամանքին:
Ըստ անոր, ի տարբերութիւն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան՝ Դաշնակցութիւնը գաղափարական կուսակցութիւն է: «Եթէ գաղափար էլ չհամարենք, ապա նրանք ունեն մենթալ-քոմփլեքս՝ այն մարդիկ, ովքեր աջակցում են ՀՅԴին, նրանք չեն, որ աջակցում են Վահան Յովհաննիսեան անձին, կամ Հրայր Կարապետեանին, կամ մէկ ուրիշին: Դրանք մարդիկ են, ովքեր աջակցում են այն գաղափարների համալիրին, այն մենթալիտետին, այն իմիճին, որ ունի ՀՅԴն», ըսած է քաղաքագէտը:
Ըստ անոր, այս իմաստով ՀՅԴն Հայաստանի մէջ միակ իսկական կուսակցութիւնն է: Իսկ ԲՀԿն, մեծ հաշիւներ ունեցող, մէկ անձի կուսակցութիւն է, իսկ անձը գաղափարախօսութիւն չէ: «Միւս կողմից, իմ կարծիքով, ՀՅԴն յենուել էր իր աւանդական ընտրազանգուածի վրայ: Իսկ նրանց աւանդական ընտրազանգուածն ակնյայտօրէն «զաւթուած էր» այլ կուսակցութիւնների կողմից: Աւանդական ընտրազանգուածը պահպանելու համար հարկաւոր էր վարել բաւական ագրեսիւ նախընտրական քարոզարշաւ, դրա համար պէտք էր ունենալ պիւտճէ, դրա համար պէտք էր դուրս գալ աւանդական իմիճից, որն արդէն 100 տարի է՝ պահպանւում է, ինչը նրանք չցանկացան կամ չկարողացան անել», դիտել տուած է Իսկանդարեան:
ՀՅԴի համաձայնական կառավարութեան մաս կազմելու հաւանականութեան գծով քաղաքագէտը ըսած է, որ այդ մէկը իրապաշտ չէ։ Ան թէեւ նշած է, որ տեսականօրէն նման կառավարութեան մաս կրնայ կազմել որեւէ կողմ կամ ուժ, որովհետեւ մինչեւ ընտրութիւններ իւրաքանչիւր կուսակցութեան նպատակը կ՛ըլլայ կարելի եղածին չափ շատ քուէներ ստանալ, իսկ ընտրութիւններէն ետք՝ իր տեղը գրաւել քաղաքական կեանքին մէջ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ