Սահակեան - ԼՂի Անկախութիւնը Անքննելի է

By Asbarez | Saturday, 11 July 2009

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Երէկ, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ «Արցախեան հիմնախնդիր» եւ Հայ-թրքական յարաբերութիւններ» թեմաներով համահայկական երկօրեայ խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին խօսք առած ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան յայտարարեց, որ Ղարաբաղի անկախութիւնը կայացած փաստ է եւ ենթակայ չէ քննարկման:

Խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած է նախագահ Սահակեանի հովանաւորութեամբ, համախմբած է Հայաստանէն եւ 25 այլ պետութիւններէ շուրջ 130 հասարակական, քաղաքական գործիչներ:

Խորհրդաժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որ նաեւ փոխանցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի պատգամը՝ ուղղուած ժողովին: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, թէ «Մենք պարտաւոր ենք ամէն կերպ բարձրացնել մեզ յուզող գերհարցերը՝ այսօրուան եւ մեր ապագային համար, ամէն ջանք գործադրենք արդարութեան հասնելու համար»:

Ողջունելով արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նուիրուած խորհրդաժողովի մասնակիցները՝ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատեց այն փաստը, որ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ: «Ներկայացուցչական այս խորհրդաժողովը ենթադրում է օրակարգում առկայ խնդիրների շուրջ շահագրգիռ եւ համակողմանի քննարկումներ: Հայ ժողովրդի նորագոյն պատմութեան այս շրջանում Արցախը յայտնուեց ազատագրական պայքարի առաջնագծում՝ նոր շունչ հաղորդելով ազգային գիտակցութեան վերազարթօնքին եւ համայն հայութեան միաբանութեանը:

Արդէն անցել է շուրջ երկու տասնամեակ, ինչ մի կողմ դնելով գաղափարախօսական եւ կուսակցական տարաձայնութիւնները, անձնական համակրանքն ու նախասիրութիւնները՝ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կանգնեց յանուն իր իրաւունքների եւ արդարութեան վերականգնման պայքարի ելած արցախցու կողքին: Միասնութիւնը դարձաւ այդ պայքարում մեր առաջին յաղթանակը: Այն համախմբեց հայ ժողովրդի միտքն ու կամքը, ճակատագրական ու ծանր մի ժամանակահատուածում, երբ աւերիչ երկրաշարժ վերապրած, հարիւր հազարաւոր փախստականներ ընդունած Հայաստանը ենթարկուել էր շրջափակման եւ հասցուել մարդասիրական աղէտի եզրին: Մենք՝ արցախցիներս, երբեք չենք մոռանայ բոլոր նրանց, ովքեր Մայր հայրենիքի համար այդ դժուարին օրերին մեր կողքին էին, մեր հինաւուրց հողում, որտեղ լուծւում էր Արցախի լինել-չլինելու հարցը: Պատերազմը մեր ընտրութիւնը չէր, այն պարտադրել էին մեզ՝ ի պատասխան պատմական արդարութեան վերականգնման ուղղուած մեր խաղաղ եւ քաղաքակիրթ կոչի», յայտնեց ԼՂՀ նախագահը:

Արցախի ղեկավարը աւելցուց, որ ծանր ու անհաւասար մարտերու ընդմէջէն կազմաւորուեցաւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը, որ շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ փայլուն կերպով կատարեց Արցախի ժողովուրդի եւ պետականութեան պաշտպանութեան իր սրբազան պարտքը:

Դիմելով խորհրդաժողովի մասնակիցներուն՝ նախագահ Սահակեան նշեց, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ապրած շրջանին մէջ եւ իր ուժերուն չափով աւանդ ունի արցախեան մեծ եւ փոքր, ռազմական ու տնտեսական յաղթանակներու մէջ:

1991 թուականի Սեպտեմբերի 2ին հռչակելով ԼՂՀը՝ արցախցիները նոյն թուականի Դեկտեմբերի 10ին համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով ազդարարեցին անկախ եւ ինքնիշխան երկրում ապրելու իրենց որոշման մասին: Մեր դիրքորոշումը յստակ էր, եւ այն մնացել է անփոփոխ», ընդգծեց ան:

Բ. Սահակեանի խօսքով, բոլորովին անհասկանալի եւ անընդունելի են ԼՂՀն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրէն ներս ներկայացնելու փորձերը: «Դա ոչ միայն անտեսում է կեանքի եւ պատմութեան բնականոն զարգացման ներկայիս ընթացքը, այլեւ հակասում անցեալի իրողութիւններին:

Անկախութեան հռչակումից ի վեր անցած տարիներին մենք տէր կանգնեցինք մեր ընտրած ուղուն՝ յաջողութեամբ պաշտպանելով Արցախի սահմանները, կառուցելով ու ամրապնդելով մեր պետութիւնը եւ արդիւնաւէտօրէն յաղթահարելով երկրի վերակերտման ու զարգացման հետ կապուած դժուարութիւնները: Արդիւնքում աշխարհը համոզուեց, որ ի դէմս մեզ գործ ունի կայացած, անհրաժեշտ բոլոր ատրիբուտներով (յատկանիշներով-Խմբ.) օժտուած եւ ժողովրդավարացման ուղով ընթացող հասարակութեան եւ պետութեան հետ: Այդ իսկ պատճառով, լիարժէք կազմով բանակցութիւնների վերականգնումը մենք դիտարկում ենք ոչ թէ Արցախի՝ որպէս անկախ պետութեան մասին ազդարարելու եւս մէկ պատրուակ, այլ այն պատճառով, որ դրանք ընթանում են խախտուած ձեւաչափով: Արցախը, որ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան հիմնական կողմն է, այսօր դուրս է մնացել բանակցութիւններից, եւ մենք պէտք է հասնենք այդ կարեւոր սկզբունքի վերականգնմանը: Առանց ԼՂՀի ժողովրդի համաձայնութեան, անհնար է իրականացնել որեւէ որոշում», շեշտեց ԼՂՀ նախագահը:

Ըստ նախագահ Սահակեանին, կայ եւս կարեւոր հարց մը, որ կ՛առնչուի թէ՛ արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման եւ թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Խօսքը կը վերաբերի մեր ժողովուրդի կազմակերպուածութեան:

Այսօր, մենք առաւել եւս պարտաւոր ենք ունենալ միասնական ճակատ համազգային նպատակների իրականացման գործում, ճիշդ գնահատել իրավիճակը եւ ոչ միայն խօսքով, տեսակէտներով, այլ համախմբուած ու համատեղ լուծել մեր առջեւ ծառացած խնդիրները: Դա վերաբերում է թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Սփիւռքին եւ թէ՛ Արցախին:

Անհրաժեշտ է աշխատանք, որը կը համախմբի հայ ազգի ողջ ներուժը՝ ստեղծելով ամուր կռուան մեր պայքարի համար: Հէնց այս տեսակէտից է, որ մենք կարեւորում եւ բարձր ենք գնահատում ՀՅԴի նախաձեռնութիւնը, այս համահայկական խորհրդաժողովի անցկացումը Արցախում, որտեղ մենք հետեւողականօրէն ամրապնդում ենք բազում զոհերի եւ զրկանքների գնով նուաճած մեր անկախութիւնը», նշեց ԼՂՀ նախագահը:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ շեշտեց, թէ մենք պարտաւոր ենք դիրքորոշում ունենալ այն հարցերուն վերաբերեալ, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուին մեր պետութեան եւ մեր ժողովուրդի ապագային:

Այս խորհրդաժողովը, հայութեան տարբեր հատուածների ու շերտերի ներկայացուցիչների մասնակցութեամբ, մեր գերակայ շահերը ձեւակերպելու, հնարաւորինս միասնական դիրքորոշում ներկայացնելու բացառիկ առիթ է:

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է իմանայ, որ գործ ունի հայութեան հաւաքական կամքի հետ, եւ որ մենք պատրաստ ենք պայքարել երկնքի տակ մեր ինքնուրոյն արժանի տեղն ունենալու համար: Մենք չենք արհամարհում ոչ ոքի, բայց նաեւ թոյլ չենք տայ ոտնահարել մեր շահերը: Մենք պարտաւոր ենք աշխարհին ապացուցել, որ արժանի ենք յարգանքի՝ ոչ միայն մեր պատմութեան, այլեւ ուրիշների կողքին հաւասար իրաւունքներով ապրելու նորօրեայ կամքով ու ապագայի մտապատկերով», յայտնեց Հ. Մարգարեան:

Դաշնակցական ղեկավարը աւելցուց, որ, խորհրդաժողովի մասնակիցները հաւաքուած են Ստեփանակերտ, համայն հայութեան ուժերով, զոհողութիւններով եւ զրկանքներով ազատագրուած ԼՂՀի մայրաքաղաքին մէջ, ի նշան այն բանի, որ այս հողաշերտը Հայաստան է եւ պիտի մնայ Հայաստան: «Ի նշան այն բանի, որ Արցախում իրագործուող բարեփոխումները, պետականաստեղծ աշխատանքը, իշխանութիւն-ժողովուրդ միասնութիւնն արժանի են ճանաչման ու ընդօրինակման», յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Հ. Մարգարեանի համոզումով, չկան առանձին ԼՂի, պատմական, հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերող հարցեր: «Ամէն բան ամբողջական է՝ ներկայով, անցեալով, ապագայով:

Եւ միայն այս ընկալմամբ եւ այս գիտակցութեամբ ձեռնարկուած քայլերով է հնարաւոր ապահովել մեր արժանապատիւ տեղն աշխարհում», ընդգծեց ան՝ աւելցնելով, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը Արցախի իսկ պետական շահերէն մեկնելով, իրաւունք չունի անտարբեր ըլլալու՝ թէ ի՛նչ կը կատարուի հայ-թրքական յարաբերութիւններու, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, æաւախքի ինքնավարութեան իրաւունքի, ընդհանրապէս Հայ Դատի պայքարի հարթակներուն վրայ:

Ըստ Հ. Մարգարեանի, Թուրքիան մեզ հետ կը խօսի նախապայմաններով, միջազգային բոլոր հանդիպումներուն կը քննարկէ ԼՂի հարցը, իսկ Ի. Ալիեւ հրապարակայնօրէն կարգաւորման իր պատկերացումը կը ներկայացնէ:

Մենք պարտաւոր ենք կարելի ու անկարելի բոլոր միջոցներով կանխել, սրբագրել սխալները, ուժ տալ միմեանց: Մեր եզրակացութիւնները պէտք է լինեն իրատեսական ու ծանրակշիռ: Արցախը պէտք է ճանաչուած ներկայութիւն լինի ոչ միայն բանակցութիւնների սեղանի շուրջ, այլեւ ակտիւ դերակատարութիւն ունենայ հայկական իրականութեան մէջ:

Ներկայումս ընթացող արցախեան բանակցութիւնների մեզ համար ընդունելի արդիւնք է դիտւում ԼՂՀի ինքնորոշման սկզբունքի յարգումը: Իրականում Ղարաբաղն ինքնորոշուած է, 1991 թուականի անկախութեան եւ 2006ի Սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէներով: Արդեօ՞ք Ատրպէյճանին մէկ նոր հանրաքուէ է անհրաժեշտ, որպէսզի ընդունի Արցախի ինքնորոշման փաստը, դա իրենց գործն է: Մեզ համար իքնորոշուած Արցախն արդէն փաստ է: Բանակցութիւնների հիմքում պէտք է լինի ոչ թէ պատմութեան գիրկն անցած ԼՂի ինքնավար մարզը, այլ ինքնորոշուած Արցախի՝ ԼՂՀի ճանաչումը», ընդգծեց Հ. Մարգարեան:

Համաժողովի առաջին օրուան ծրագիրով ելոյթ ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը (Հայ-թրքական յարաբերութիւններ), Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտիչեանը (Համախմբումը կազմակերպող Հայ Դատի խորհուրդին անունով), Հայաստանի արտաքին գործերու նախագահի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան, Հայաստանի արտաքին գործերու նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement