Արցախի Ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը Կ՛ապահովէ 20 Տոկոս

By Asbarez | Saturday, 29 May 2010

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝ ներկայացնելով հանրապետութեան տարածքին Կիրակի, Մայիս 23ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքները:

Ըստ հրապարակուած տուեալներուն, համամասնական ընտրակարգով Քուէարկութեան մասնակիցներու ընդհանուր թիւը եղած է՝ 66,770:

<<Ազատ Հայրենիք>> կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներու ամէնէն բարձր թիւը՝ ստանալով 29,252 ձայն, երկրորդ տեղը գրաւած է Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը՝ ապահովելով 18,017 ձայն, երրորդ դիրքը գրաւող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ստացած է 12,728 ձայն: Այս երեք կուսակցութիւններն են, որոնք իրենց ստացած տոկոսներուն հիման վրայ աթոռներ պիտի գրաւեն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նոր խորհրդարանին մէջ: Արցախի համայնավար կուսակցութիւնը 3054 քուէ ստացած է, ու չկարենալով յաղթահարել վեց տոկոսի սահմանագիծը՝ դուրս մնացած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի կազմէն: Ազգային ժողովին մէջ աթոռ գրաւելու համար կուսակցութիւնները նուազագոյնը պէտք է համամասնական քուէներու վեց տոկոսը ապահովէին:

ԼՂՀ Ազգային ժողովի ընտրական նոր կարգով, համամասնական քուէարկութեամբ պիտի ընտրուէին 17 պատգամաւորներ: Իր ձեռք ձգած արդիւնքով, Դաշնակցութիւնը պիտի ունենայ վստահաբար երեք աթոռ, իսկ համայնավար կուսակցութեան քուէներու տեղաբաշխումին արդիւնքով՝ շատ հաւանաբար յաւելեալ մէկ աթոռ:

Մեծամասնական ընտրութիւններու արդիւնքով ընտրուած պատգամաւորներու շարքին են Ժաննա Գալստեան, Սերգէյ Ղազարեան, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան (մրցակից չունէր), Ազգային ժողովի նախկին փոխնախագահ Ռուդիկ Հիւսնունց, Արմէն Սարգիսեան (ՀՅԴ), Կամօ Մարտիրոսեան (ՀՅԴ), իսկ ԱԺի նախկին անդամ, Ստեփանակերտի նախկին քաղաքապետ Մաքսիմ Միրզոյեանը դուրս մնացած է խորհրդարանէն:

ՀՅԴն Ազգային ժողովի նախկին կազմին մէջ ունէր միայն մէկ պատգամաւոր՝ յանձինս Արմէն Սարգիսեանի: Ստացուած արդիւնքներով, ներկայ խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ պատգամաւորական խումբը պիտի բաղկանայ հինգ կամ վեց պատգամաւորներէ:

comments