Ֆրանսացի Ծերակուտականներ Բարձր Գնահատած Են Արցախի Ժողովրդավարական Կարգերը

By Asbarez | Friday, 25 May 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 25 Մայիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամներ Ֆիլիփ Մարինին,  Սոֆի Ժուասէնը եւ Պերնար Ֆուրնիէն։

Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատած է ֆրանսացի ծերակուտականներու անձնական ներդրումը՝ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններու համագործակցութեան զարգացման աշխատանքին մէջ։

Ան նաեւ ողջունած է ֆրանսացի պատասխանատուներուն Արցախ տուած այցելութիւնը՝ ընդգծելով, որ նմանատիպ այցելութիւններ առիթ կու տան անձամբ տեսնելու եւ անձնապէս տեղեկանալու տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին:

Ֆրանսացի ծերակուտականները իրենց կարգին գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստան եւ Արցախ իրենց այցելութենէն եւ բաժնեկցած են Ստեփանակերտի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներու տպաւորութիւնները: Անոնք յատկապէս բարձր գնահատած են Արցախի մէջ հաստատուած ժողովրդավարական կարգերը:

Հանդիպումին ընթացքին հանգամանալից կերպով քննարկուած են հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ:

comments