By Asbarez | Saturday, 29 May 2010
ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 27ին, ներկայութեամբ համակիրներու եւ հիւրերու, բացումը կատարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան <<Արամ Մանուկեան>> երիտասարդական կեդրոնին:
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան այս առթիւ շեշտեց, որ երկրի պետականութեան կայացման գործին երիտասարդները ներգրաւելու համար ստեղծուած կեդրոնը պիտի դառնայ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի տունը, եւ անոր դռները բաց պիտի ըլլան ոչ միայն դաշնակցական երիտասարդին առջեւ: Երիտասարդական կեդրոնի վեց յարկաբաժիններուն մէջ յատուկ տեղեր յատկացուած են նաեւ երեխաներու համար:
<<Այսօր 120ամեայ Դաշնակցութիւնը հայրենիքում երիտասարդական կենտրոն է բացում, ինչը կարող էր տարիներ առաջ երազ թուալ>>, իր հերթին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) ներկայացուցիչ Արթուր Ղազարեան եւ յայտնեց, թէ ինք հպարտ է, որ նորաբաց կեդրոնը կը կրէ ազգային եւ կուսակցական ականաւոր գործիչ, 1918 հերոսամարտի կազմակերպիչ եւ առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի անունը:
<<Երիտասարդութիւնը մեր հասարակութեան ամենակարեւոր շերտն է, երիտասարդութիւնը Դաշնակցութեան յոյսն է, որովհետեւ երիտասարդութիւնը բիւրեղ է, մաքուր է, անմեղ է, համարձակ, է, սկզբունքային է, եւ այդ երիտասարդութեանը պէտք է կարելիութիւններ ընձեռել, որպէսզի կարողանան կազմակերպուել, ինքնակազմակերպուել, ինքնաղեկավարուել, ղեկավարուել: Դա Դաշնակացութեան համար ամենակարեւոր գործօնը պէտք է լինի», յայտարարեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ