By PanArmenian | Saturday, 29 May 2010
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<ՓանԱրմինիըն>>.- Մայիս 25ին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Պոսթընի Ս. Ստեփանոսի ազգային վարժարանի խումբ մը ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, որոնց հետ զրոյցի ընթացքին կարեւոր համարած է երիտասարդ հայրենակիցներուն Արցախ այցելութիւնները, նշելով, որ ատիկա լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ հայրենիքը մօտէն ճանչնալու, նաեւ երկկողմանի կապերը աւելի ամրապնդելու եւ զարգացնելու գործին: Նախագահը ընդգծած է, որ նման այցելութիւնները պէտք է կրեն յաճախակի բնոյթ։
Նշենք, որ նախագահ Սահակեան երէկ նաեւ ընդունած է Հայաստանի հանրապետութեան գրողներու միութեան անդամներ՝ միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի գլխաւորութեամբ:
Նախագահ Սահակեան գրողներուն հետ քննարկած է գրականութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու դիմագրաւած խնդիրները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ