Ռուստամեան. «ՀՅԴն Համագործակցելու Է Ընդդիմադիր Ուժերի Հետ»

By Asbarez | Wednesday, 30 May 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 30 Մայիսին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ խորհրդարանական աթոռներու յանձնման ընթացքին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ըսաւ. «Մենք պէտք է որակով չէզոքացնենք քանակութիւնը եւ բնականաբար աւելի ակտիւ ենք աշխատելու»։

Նշենք, որ ՀՅԴն խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 5 պատգամաւոր:

«Մեր թիմը մեծ փորձառութիւն ունի, եւ այդ փորձն ու դաշնակցական աւանդոյթները հնարաւորութիւն կը տան, որ առնուազն քաղաքական մարմնի գործունէութեանը համապատասխանեցնենք Ազգային ժողովի աշխատանքները», նշեց Ռուստամեան:

Խօսելով այլ ուժերու հետ համագործակցելու կարելիութեան մասին՝ Ա. Ռուստամեան նկատել տուաւ, որ Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին յստակ պիտի դառնայ, թէ ո՛վ է ընդդիմադիրը։ «Դրանից յետոյ կ՛որոշենք, թէ  համագործակցութիւնն այդ դաշտում գործող ուժերի հետ տրամաբանական է, թէ ո»չ, ըսաւ Ռուստամեան:

Ան դրական նկատեց «Բարգաւաճ Հայաստան»ի ընդդիմադիր ըլլալը։ «Հակակշռելիութիւնը կը մեծանայ: Հակակշռելիութիւնը սկսւում է մէկ/հինգերորդից, եւ հիմա այդ հնարաւորութիւնները մեծանում են: Դրական դեր կը խաղայ, եւ քաղաքական բանավէճերն աւելի հետաքրքիր կը լինեն», նշեց Ռուստամեան:

comments