ԵՐԵՒԱՆ, <<ԱրմէնիաՆաու>>.- Յունիս 1ին, Հայաստանի Հանրային պատկերասեփիւռի ալիքով հեռարձակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, 22ամեայ ռուսահայ երգչուհին, «Եւրոտեսիլ 2010»ին Հայաստանը ներկայացնող Եւա Ռիւասը ցանկութիւն յայտնած է «Եւրոտեսիլ 2012»ին կրկին ներկայացնել Հայաստանը:
Ան գոհունակութիւն յայտնած է Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ իր ունեցած ելոյթին ուղղութեամբ, որուն շնորհիւ Հայաստանը գրաւած էր 7րդ տեղը նշեալ մրցոյթին:
<<Մենք փոքր-ինչ դժգոհ ենք մեր արդիւնքից: Ես կը ցանկանայի վերադառնալ <<Եւրոտեսիլ 2012>>ին՝ Հայաստանին յաղթանակ բերելու համար>>, ըսած է Ռիւաս, ըստ որուն, հայկական ներկայացումը այս տարի բաւական լաւ էր՝ 2011ին Հայաստանի ներկայացուցիչի յաղթանակին հաւանականութիւնը մեծցնելու տեսանկիւնէն: