ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպում Ունեցաւ Հայրենադարձներու Հետ

By Armen Press | Sunday, 06 June 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Կազմակերպութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Յունիս 4ին կայացաւ հայրենադարձներու հաւաք, որուն մասնակցեցան աւելի քան 100 սփիւռքահայեր: Ողջունելով ներկաները՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը կարեւոր համարեց նման հաւաքներու իրականացումը, նկատի առնելով, որ սփիւռքահայերը անմիջականօրէն կը ներկայացնեն իրենց կարծիքներն ու մտահոգութիւնները։

<<Այստեղ գտնւում են այն սփիւռքահայերը ովքեր աւելի լաւ գիտեն Սփիւռքը, քաջածանօթ են խնդիրներին: Նրանց իմացութիւնը ուզում ենք ճիշդ օգտագործել մեր ծրագրերում, որպէսզի առաւել արդիւնաւէտ աշխատանք իրականացուի: Այստեղ ներկաները այն մարդիկն են, ովքեր չնախընտրեցին այլ երկրում հանգիստ կեանքը եւ որոշեցին հայրենիքի կանչով վերադառնալ իրենց արմատին, հաստատուել Հայաստանում>>, յայտնեց Հ. Յակոբեան, որուն խօսքով, այդ սփիւռքահայերը կը փորձեն իրենց հնարաւորութիւններուն, գիտելիքներուն եւ կապերուն շնորհիւ որոշ գործեր իրականացնել Հայաստանի մէջ: Նախարարը նկատեց, որ ատիկա կրնայ լաւ օրինակ ծառայել այլ սփիւռքահայերու համար:

<<Հայրենիքը չեն սիրում նրա համար, որ լաւն է, հայրենիքը սիրում են նրա համար, որ քո՛նն է: Հայրենադարձ սփիւռքահայերը չփնտռեցին տարբեր պատճառներ եւ վերադարձան: Հայաստանում էլ կայ ե՛ւ կոռուպցիա (կաշառակերութիւն, փտածութիւն), ե՛ւ անարդարաութիւն, ե՛ւ վատ չինովնիկներ, բայց եթէ բոլորս երես թեքենք հայրենիքից, ապա ո՞վ պէտք է կառուցի հայոց պետականութիւնը, որը դարեր շարունակ կորցրել ենք», յայտնեց Հ. Յակոբեան եւ յիշեցուց նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը, թէ՝ Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է:

Հ. Յակոբեանի խօսքով, Հայաստանի մէջ Սփիւռքի մասին կայ կարծրատիպ մը, ըստ որուն, Սփիւռքը հարստութեան կառոյց է, ուրկէ կարելի է տոլարներ բերել:

<<Ո՛չ, այսօր ասում ենք բոլոր սփիւռքահայերին, եկէ՛ք Հայաստան եւ գումար վաստակէք, եկէք ներդրումներ կատարէք եւ աշխատատեղ ստեղծէք: Ի հարկէ, կան նաեւ դժուարութիւններ, սակայն պետական քաղաքականութիւնը հետեւեալն է՝ Հայաստանում ստեղծել բոլոր հնարաւոր պայմանները սփիւռքահայերի գործունէութիւնն ապահովելու համար>>, ըսաւ նախարարը:

Այնուհետեւ, խօսելով նախարարութեան մասին՝ նշեց, որ այս կառոյցին առկայութիւնը կը նշանակէ սփիւռքահայու ձայնը ապահովել Հայաստանի կառավարութեան մէջ: Նախարարութիւնը պէտք է մշակէ պետական քաղաքականութիւն՝ Հայաստանի մէջ դիւրացնելով սփիւռքահայու գործունէութիւնը, նաեւ պէտք է համակարգէ Սփիւռքին հետ կապուած պետական բոլոր մարմիններու գործունէութիւնը, սերտացնէ Հայրենիք-Սփիւռք կապերը, մշակէ այնպիսի համահայկական ծրագիրներ, որոնք կրնան այս կամ այն կերպ համախմբել ողջ հայութիւնը:

<<Սփիւռքի նախարարութիւնն ստեղծուեց սփիւռքահայերի պահանջով, արդիւնքում՝ երրորդ նախագահն ականջալուր եղաւ սփիւռքահայերի պահանջներին եւ ստեղծեց այդ կառոյցը, որը բացառապէս գործում է պետական միջոցներով: Մեզ համար բոլոր հայերը հայ են, մենք չենք տարբերակում Ռուսաստանի կամ Ֆրանսիայի հայերին: Մենք պարտաւոր ենք աշխարհի բոլոր հայերի հետ աշխատել>>, աւելցուց Հ. Յակոբեան եւ հաստատեց, որ նախարարութիւնը կը համագործակցի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայկական կազմակերպութիւններուն եւ դեսպանատուներուն հետ:

Նաեւ, հայապահպանութեան գործին մէջ նախարարը կարեւոր համարեց լեզուի եւ ընտանիքի պահպանման հարցերը: Հ. Յակոբեանի խօսքով, այլ երկիրներու մէջ գործող հայկական դպրոցները ունին ընդամէնը 250,000 աշակերտ, որ բաւական փոքր թիւ է 7 միլիոն սփիւռքահայերուն համար, եթէ նկատի ունենանք, որ անոնց 2.5 միլիոնը դպրոցական տարիքի կը պատկանի։ Նախարար Յակոբեանը նաեւ յայտնեց, որ պէտք է համախմբել Սփիւռքի ողջ ներուժը եւ զայն օգտագործել ի նպաստ հայրենիքի զարգացման:

Այնուհետեւ նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեան ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները. աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ իրենց մտահոգութիւններն ու առաջարկները ներկայացնելու նախարարութեան։

comments