Հայկական Բանակը Կը Կասեցնէ Ատրպէյճանցիներուն Յարձակումը

By Asbarez | Monday, 04 June 2012

 

Յունիս 4ի գիշերը, ատրպէյճանական կողմը յարձակում իրականացուցած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղի սահմանային յենակէտերուն վրայ:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն՝ զոհերուն թիւը երեք է, իսկ վիրաւորներունը՝ վեց. անոնք տեղափոխուած են Երեւան. անոնց կեանքը փրկելու համար կը գործադրուին բոլոր հնարաւորութիւնները եւ ըստ հաղորդութեան՝ անոնց կեանքին ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ:

«Ս.թ. Յունիս 4ին, ըստ նախնական տուեալներու, հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ ատրպէյճանական կողմը հերթական անգամ կոպտօրէն խախտած է սահմանին հաստատուած հրադադարը՝ փորձելով ներթափանցել ՀՀ Տաւուշի մարզի Բերդաւան եւ Չինարի գիւղերուն ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական յենակէտեր», մասնաւորապէս կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Նաեւ կը նշուի, որ ձեռնարկուած քայլերուն եւ հայ զինուորական ծառայողներու քաջարի գործողութիւններուն արդիւնքով, յարձակումը կասեցուած է եւ կորուստներ տալով՝ հակառակորդը ետ մղուած է: Ատրպէյճանական գործողութեան իբրեւ արդիւնք զոհուած են ՀՀ ԶՈւ զինուորական ծառայողներ Հրաչ Սարգսեան, Զոհրապ Բալաբէկեան եւ Կարէն Դաւթեան:

Միջադէպին առիթով հետաքննութիւն կը կատարուի: Դէպքի վայր մեկնած են ՀՀ զինուորական դատախազն ու ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ քննչական խումբը:

ՀՀ զինուած ուժերը կը վերահսկեն իրավիճակը սահմանին վրայ՝ իրականացնելով իրավիճակին համարժէք գործողութիւններ:

comments