Ըստ Պաքուի՝ Եւրոմիութիւնը Պէտք Է Հայաստանը «Բռնագրաւող» Կոչէ

By Asbarez | Monday, 04 June 2012

Էլման Ապտուլլաեւ

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլաեւ Երկուշաբթի, Յունիս 4ին, յայտարարեց, թէ Եւրոմիութեան կողմէ «ամենամեծ քաղաքական արիութիւնը» պիտի դառնայ Հայաստանի դատապարտումը՝ իբրեւ «բռնագրաւող երկիր»:

Մեկնաբանելով Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ յանձնակատար Ֆիլիփ Լեֆորի վերջին այցելութեան արդիւնքները՝ Ապտուլլաեւ կրկնեց, թէ «բռնագրաւեալ տարածքներէն հայկական զօրքերու հեռացումը» պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան պայմաններու ստեղծման:

Ան աւելցուց, թէ Եւրոմիութիւնը, իբրեւ աշխարհի հեղինակաւոր կազմակերպութիւններէն մէկը, պէտք է յստակօրէն իր վերաբերմունքը արտայայտէ Արցախի հակամարտութեան կապակցութեամբ՝ միաժամանակ պնդելով, թէ տագնապը անլոյծ կը մնայ Հայաստանի ղեկավարութեան քաղաքական կամքի բացակայութեան պատճառով:

comments