By Asbarez | Tuesday, 05 June 2012
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի առաւօտեան, Ատրպէյճանի ժամանակով ժամը 6:30ին, սահմանի վրայ հայկական զինուած ուժերը սպաննած են ատրպէյճանցի չորս զինուորական ծառայողներ: Եւս մէկ ատրպէյճանցի վիրաւորուած է եւ աւելի ուշ՝ մահացած:
Ինչպէս կը յայտնէ «ԱՊԱ» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, զոհուած են Ամիլ Ալիեւ, Հալիտ Ազիզով, Ուահիտ Պակիրով, Զուլֆուկար Աթաշլը եւ Էլչին Իսմայիլով:
Յիշեցնենք, որ Երկուշաբթի օր ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Հայաստան այցէն ժամեր առաջ, հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին վրայ ատրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս կոպտօրէն խախտելով սահմանին հաստատուած հրադադարը՝ փորձած էր ներթափանցել ՀՀ Տաւուշի մարզի Բերդաւան եւ Չինարի գիւղերուն ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական յենակէտեր:
Հայաստանի ՊՆ մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ձեռնարկուած քայլերուն եւ հայ զինուորներուն քաջարի գործողութիւններուն արդիւնքով, թշնամիին նենգամիտ յառաջխաղացումը կասեցուած էր եւ ետ մղուած: Ատրպէյճանական գործողութեան հետեւանքով, զոհուած են զինուորական ծառայողներ Հրաչ Սարգսեան, Զոհրապ Բալաբէկեան եւ Կարէն Դաւթեան: Կան նաեւ վիրաւորներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ