Երեւան Իրանի Հիւլէական Հարցը Դիւանագիտութեամբ Լուծելու Կոչ Ըրաւ

By Armen Press | Monday, 14 June 2010

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատումիջոցներու հետ կապերու բաժինի վարիչ Տիգրան Բալայեանը, պատասխանելով Իրանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած որոշումին մասին <<Արմէնփէրս>>ի հարցումին՝ յայտնած է, թէ Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, եւ կոչ կ՛ընէ վիճելի բոլոր հարցերը դիւանագիտութեամբ լուծելու:

comments