By Yerkir Media | Monday, 14 June 2010
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- Ղարաբաղի նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստին, Յունիս 10ին, խորհրդարանի նախագահ վերընտրուած է Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Աշոտ Ղուլեանը:
ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահ ընտրուեցաւ Արթուր Թովմասեան, որ 1996-97 տարիներուն եղած էր Ազգային ժողովի նախագահ: Նախորդ շրջանին, փոխնախագահի պաշտօնին ընտրուած էր Ռուդիկ Հիւսունցը:
<<Մայիսի 23ին արցախցիները հերթական անգամ ցուցաբերեցին բարձր կարգապահութիւն ու քաղաքացիական կեցուածք, եւ իրենց ձայնը տուեցին յանուն Արցախի հզօր ու բարգաւաճ ապագայի>>, ողջոյնի իր խօսքին մէջ նշած է հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Անոր խօսքերով, խորհրդարանի գործունէութեան առանցքային ուղղութիւններէն են հանրապետութեան օրէնսդրական դաշտի կատարելագործումը, իշխանութեան միւս թեւերու հետ համագործակցութեան խորացումը, ժողովրդավարական սկզբունքներու ամրապնդումը, քաղաքակիրթ աշխարհին արժանիօրէն ներկայանալն ու միջազգային հանրութեան համապատասխանելը, իսկ այդ բոլորին հիմք պէտք է ծառայեն առաջին հերթին Արցախի պետական շահերը՝ Սահմանադրութեան տառին ու ոգիին համապատասխան:
<<Արցախի ժողովուրդը մէկ անգամ եւս ապացուցեց, որ ի վիճակի է ինքնուրոյն տնօրինել սեփական ճակատագիրը, կառուցել ազատ, անկախ ու ժողովրդավարական երկիր, եւ որ այդ ուղին անշրջելի է մեր հանրապետութեան համար>>, ըսած է ԼՂՀ նախագահը՝ նորընտիր Ազգային ժողովին մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ