Հայաստանի Հաւաքականը՝ 51րդ Դիրքի Վրայ

By Asbarez | Wednesday, 06 June 2012

Ֆութպոլի միութիւններու միջազգային դաշնակցութիւնը՝ ՖԻՖԱն, հրապարակեց ազգային հաւաքականներու Յունիս ամսուան վարկանշային դասակարգման ցանկը, որուն մէջ Հայաստանի ընտրանին նահանջած է չորս դիրքով եւ կը գտնուի 51րդ հորիզոնականին վրայ:

2014 թուականին Ռիօ Տը Ժեներոյի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի առաջնութեան ընտրական մրցաշարքի «Պի.» խումբին մէջ Հայաստանի հաւաքականի մրցակիցները կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. 9. Դանիա, 12. Իտալիա, 27. Չեխիա, 90. Պուլկարիա, 147. Մալթա:

Աշխարհի լաւագոյն ազգային հաւաքականներու առաջին տասնեակը կը գրաւեն Սպանիան, Ուրուկուէյը, Գերմանիան, Հոլանտան, Պրազիլը, Անգլիան, Արժանթինը, Խրուաթիան, Դանիան եւ Փորթուկալը, որոնք դասաւորուած են նշուած հերթականութեամբ:

comments