Չինաստան Պատրաստ Է Մեծ Քանակութեամբ Հայկական Ծիրան Եւ Կեռաս Ներմուծելու

By Armen Press | Monday, 14 June 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Գերասիմ Ալաւերդեան Յունիս 9ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Չանչունին, որուն հետ կայացած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ վերջին տարիներուն մեծ յաջողութիւններ արձանագրուած են հայ-չինական համագործակցութեան ծիրէն ներս գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ գիտական մարդուժի ուսուցման եւ վերապատրաստման գործընթացին մէջ:

Ըստ նախարարին, համագործակցութեան ծիրէն ներս, Չինաստանի դրամաշնորհային ծրագիրներով, 1999էն ի վեր Հայաստան ներկրուած են տարբեր հզօրութեան 219 հողամշակութեան եւ 53 հացահատիկ հաւաքող մեքենաներ՝ համալրուած գիւղատնտեսական գործիքներով եւ պահեստամասերով:

Չինաստանի դեսպանը, իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնած է երկկողմանի դիւանգիտական յարաբերութիւններու ընթացքին առթիւ: Ան խոստացած է աջակցիլ Հայաստանի մէջ <<Չինական գիւղատնտեսութեան ուրեստագիտութեան սպասարկման կեդրոններ>>ու ստեղծման եւ հին գիւղատնտեսական արուեստագիտութիւնը անհրաժեշտ նոր պահեստամասերով փոխարինելու գործին:

Թ. Չանչունի կարեւոր համարած է նաեւ Հայաստանի հետ պտղաբուծութեան ոլորտին մէջ աշխոյժ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, շեշտելով, որ տարիներ առաջ Չինաստանի մէջ հիմնուած են հայկական ծիրանի եւ կեռասի այգիներ, որոնք մեծ արդիւնաւէտութիւն կ՛ապահովեն: Ան նաեւ յայտնած է, թէ չինական կողմը պատրաստ է ընդունելու մեծ քանակութեամբ ծիրան եւ կեռաս: Ըստ դեսպանին, մեծ է նաեւ համագործակցութեան ցանկութիւնը կաթնամթերքի արտադրութեան եւ արտածման առումով: Կողմերը պայմանաւորուած են ՝առաջիկայ օրերուն փոխանակել այն ճիւղերուն ցանկը, որոնց շուրջ հնարաւոր է համագործակցիլ:

comments