* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Փոքրամասնութիւններու իրաւունքները խլելու մէկ այլ փօրձ Թուրքիոյ մէջ

Wednesday, 16 June 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: minorities, turkey, rights

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Երեքշաբթի, Յունիս 15ի թրքական <<Թարաֆ>> թերթին մէջ, յօդուածագիր Այհան Աքթար ունի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները պաշտպանող ցնցիչ յօդուած մը, որ գրի առնուած է անգամ մը եւս պախարակելու համար ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան որդեգրած փոքրամասնութեան դէմ կեցուածքը։
Այս կուսակցութիւնը Սահմանադրական ատեան դիմած է՝ պահանջելով փոխել վերջերս ընդունուած Վագըֆներու նոր օրէնքի կարգ մը յօդուածները, որոնք առաւելութիւններ կը ճանչնան փոքրամասնական վագըֆներու։ <<Թուղթի վրայ հայրենակիցներ ու անոնց վագըֆները>> խորագրեալ այս ցնցիչ յօդուածին մէջ, Աքթար կը յիշեցնէ, թէ անցեալի կառավարութիւնները ի՛նչ անիրաւութիւններ ըրին ու ի՛նչ կալուածներ բռնագրաւման ենթարկեցին փոքրամասնութիւններու դէմ, իսկ նոր օրէնքը կարգ մը իրաւունքներ կը վերադարձնէ փոքրամասնութիւններուն։ Սակայն, ըստ անոր, ընդդիմադիր կուսակցութիւնը դէմ կու գայ այդ իրաւունքներուն։ <<Ինչո՞ւ ստեմ, երբ կարդացի դիմումնագրին պատճէնը, անոնց հաշուոյն ամօթ զգացի>>, կը գրէ Աքթար։
Աքթար դիտել կու տայ, որ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը այս  դիմումով կ՛ոտնակոխէ իրաւական ամենահիմնական սկզբունքները։ Ան կը յիշեցնէ նաեւ, թէ ինչպէս Վճռաբեկ ատեանը առիթով մը փոքրամասնութիւնները նոյնիսկ օտար նկատեց, երբ վճռեց, թէ օտարները չեն կրնար տիրանալ կալուածներու՝ ակնարկելով նաեւ փոքրամանսութեան անդամներուն։
Ան նաեւ կը յիշեցնէ, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ մէջ կարգ մը քաղաքագէտներ իրենց հայրենակիցը եղող փոքրամասնութիւններու դէմ պատժամիջոցներ գործադրեցին՝ քաղաքական <<փոխադարձութեան>> մասին խօսելով, բան մը, որ ապօրէն էր, որովհետեւ նման փոխադարձութիւնները կը գործադրուին միայն օտարահպատակներու պարագային, ոչ թէ՝ երկրի քաղաքացիներուն։
Ըստ յօդուածագիրին, ամէնէն դատապարտելին՝ կուսակցութեան կողմէ յառաջ քշուած այս պատճառաբանութիւնն է. <<Մանաւանդ այս օրերուն, երբ հայերը տենդագին կերպով օրակարգի կը բերեն Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումներ, հայկական վագըֆներուն կալուածներու սեփականատէր դառնալու կարգ մը իրաւունքներ ճանչնալը այն ամենամեծ զիջումն է, զոր կարելի է երեւակայել։ Այդ մէկը գետին կը պատրաստէ Մեծն Հայաստանի գաղափարին, որ ատենօք Սեւրի դաշնագիրով պարտադրել ուզեցին Թուրքիոյ։ Հայերը բնաւ չթաքցուցին, որ հողային պահանջներ ունին մեզմէ եւ ատիկա օրակարգի վրայ կը պահեն՝ անոր վրայ աւելցնելով հատուցման պահանջներ եւս։ Հայերու տրուած այս իրաւունքները կը նշանակէ ամբողջովին յանձնուիլ այն պայմաններուն, զորս հայերը ստեղծել ուզած էին Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակի արարքներով>>։
Աքթար այս տողերուն դէմ իր ընդվզումը յայտնելէ ետք, կ՛եզրակացնէ. <<Գիտցէք տեսնենք, թէ իրաւագիտութեան հրէշ մը նկատուած այս դիմումնագրին տակ որո՞ւն ստորագրութիւնը կայ։ Զայն ստորագրած է խմբակի նախագահի տեղակալ Քեմալ Քըլըճտարօղլու (ներկայ կուսակցապետը)։ Իրականութեան մէջ բնաւ չզարմացայ, որ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը այսպիսի դիմում մը կրնայ ներկայացնել, սակայն երբ կարդացի, զգացի, որ երեսներս կարմրեցան։ Հիմա հետաքրքրութեամբ կը սպասեմ որ տեսնեմ, թէ Սահմանադրական ատեանը ի՞նչ որոշում պիտի ընդունի ու ի՞նչ պատճառաբանութիւն ցոյց պիտի տայ>>։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Popular Tags
Advertisement