Շիֆ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Վաւերացնելու Գործընթացը Կը Վերսկսի

By WASHINGTON | Thursday, 17 June 2010

Ներկայացուցիչներու տան իր պաշտօնակիցներուն նամակ մը յղելով՝ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հեղինակ Էտըմ Շիֆ անգամ մը եւս կը շեշտէ, թէ ժամանակը հասած է բանաձեւը վաւերացնելու, կոչ ընելով անոնց, որ բանաձեւը հովանաւորներու շարքին միանան:


Ան նամակին մէջ կը պնդէ, թէ յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են կռնակ դարձնել Միացեալ Նահանգներուն եւ իրենց յարաբերութիւնները կը սերտացնեն Իրանի նման երկիրներու հետ, պէտք է վաւերացնել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւը: Շիֆ, բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին զուգահեռ, աշխատանք կը տանի Քոնկրեսի արխիւներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրողներուն մասին տեղեկութիւններու եւ յուշերու արխիւ մը գոյացնելու ուղղութեամբ, եւ արդէն իսկ շարք մը վերապրողներու վկայութիւնները յանձնուած են արխիւներուն: Շիֆ կոչ կ՛ընէ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ ժառանգորդներուն, որ իրենց պատմութիւնները յղեն իր Փասատինայի գրասենեակի պաշտօնեայ Մէրի Յովակիմեանին՝ mary.hovagimian@mail.house.gov համացանցային հասցէով:

 

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement