* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Էյքըրմըն Տաւութօղլուին Շնորհուած <<Ուիլսըն>> Մրցանակը Կը Փորձէ Բեկանել

Friday, 18 June 2010     |    |   

Source: WASHINGTON
Tags: wilson, hamilton, davutoglu, award,

Երեքշաբթի, Յունիս 15-ին <<Ուուտրօ Ուիլսըն>> կեդրոնի գործադիր վարիչ Լի Հեմըլթընի յղուած թուակիր նամակով մը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Կերի Էյքըրմըն իր <<խոր մտահոգութիւնը եւ դժկամութիւնը>> կը յայտնէ կեդրոնի Հանրային սպասարկութեան մրցանակը այս տարի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուին շնորհելու որոշումին նկատմամբ:


Էյքըրմըն, որ ատենապետն է Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիոյ հարցերու ենթայանձնախումբին, կ՛աւելցնէ, թէ յատկապէս այս օրերուն մրցանակը Տաւութօղլուին շնորհելու քայլը <<ամբողջովին չի համապատասխաներ>> կեդրոնին առաքելութեան եւ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի սկզբունքներուն ու անոր որդեգրած արտաքին քաղաքակնութեան վարկագիծին:
<<Տաւութօղլուի առաջնորդութեամբ, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը լեցուն է ապօրինութեամբ, անպատասխանատուութեամբ ու կեղծիքով: Թուրքիա ոչ միայն կ՛ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլ նոյնիսկ անոր ճանաչումը քրէական յանցանք կը նկատէ Թուրքիոյ տարածքին: Աւելի անդին երթալով՝ Թուրքիա նոյնսիկ կը սպառնայ խզել յարաբերութիւնները այն երկիրներուն հետ, որոնք կը հաստատեն, թէ 1.5 միլիոն հայերու ոչնչացումը հետեւանք էր Օսմանեան կայսրութեան որդեգրած պետական քաղաքականութեան: Թուրքիա նաեւ կը շարունակէ բռնագրաւել Կիպրոսը՝ դէմ կենալով կղզին վերամիացնելու նպատակով ՄԱԿի գլխաւորած եւ ամերիկեան աջակցութիւնը վայելող ջանքերուն: Թուրքիա կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը՝ անոր բացումը կապելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման>>, կը գրէ քոնկրեսականը:
Կերի Էյքըրմըն նաեւ կը քննադատէ Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որդեգրած բանաձեւին դէմ քուէարկելու Թուրքիոյ որոշումը եւ Սուտանի ցեղասպանական իշխանութեանց նեցուկ կանգնելու Անգարայի կեցուածքը: Ան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ Թուրքիա անտեղի կերպով Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը հրահրած է՝ մերժելով Կազայի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւնները Իսրայէլի միջոցաւ փոխադրելու՝ Թեւ Աւիւի կառավարութեան պայմանը: <<Իր ուշադրութիւնը Կազայի ժողովուրդին օժանդակելու ջանքերուն վրայ կեդրոնացնելու փոխարէն, Թուրքիա կը փորձէ վարկաբեկել Իսրայէլը>>, կը գրէ ան՝ <<հիւանդագին>> որակելով նաւատորմիղին վրայ իսրայէլեան յարձակումը՝ Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչական արարքներուն համազօր քայլ մը նկատելու Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը:
Այս բոլորէն ետք, ան կոչ կ՛ընէ կեդրոնին, որ մրցանակը Տաւութօղլուին շնորհելու որոշումը բեկանէ:
Յիշեցնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի մեծ-մեծ հօր շարաւիղներէն Տանըլտ Ուիլսըն Պուշ եւս նամակով մը դէմ արտայայտուած է մրցանակը Տաւութօղլուին շնորհելու որոշումին՝ քննադատելով Լի Հեմըլթընի դերակատարութիւնը այս որոշումին մէջ:
Լի Հեմըլթըն Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախկին ատենապետն է:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement