Ըստ ՀՅԴի՝ Հայկական Իշխանութիւններուն Վրայ Ճնշում Պէտք Է

By Yerkir Media | Tuesday, 14 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Յուլիս 10-11 ԼՂՀ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած համահայկական խորհրդաժողովի աւարտին մամլոյ ասուլիսով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Լեւոն Մկրտչեան եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Տէր Խաչատուրեան ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ տարբեր քաղաքական ուժեր կրնան տարբեր-տարբեր տեսակէտներ ունենալ, բայց կան հարցեր, որոնք պէտք է համախմբեն բոլորը: Հայ-թրքական յարաբերութիւններն ու Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը այդ հարցերուն շարքին կը պատկանին:

Ճնշումը հայկական իշխանութիւններուն վրայ պէտք է շարունակական ըլլայ», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը՝ վստահեցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն Սփիւռքի մէջ տեղի պիտի ունենան ցոյցեր, որոնց ընթացքին միջազգային կառոյցներուն եւ տարբեր պետութիւններուն պիտի ներկայացուին խորհրդաժողովի եզրակացութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նաեւ դժգոհութիւն յայտնեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան երկչոտութեան գծով:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան նշեց, որ Մատրիտեան սկզբունքներու հրապարակման եւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու աննախադէպ յայտարարութենէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոն ու Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը պատրաստուին հրապարակելու անոնց գնահատականը եւ հակազդելու կոչուած միջոցառումներուն:

Լեւոն Մկրտչեան կարծիք յայտնեց, թէ՝ ԼՂՀ եւս կ՛արձագանգէ այս յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ նշեց, որ Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է դիրքորոշուին այդ ուղղութեամբ:

Հնարաւո՞ր է, որ ՀՅԴն հանդէս գայ ՀՀ արտգործնախարարի հրաժարականի պահանջով» հարցումին, Լեւոն Մկրտչեան պատասխանեց, թէ Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ օրերուն այդ հարցին մասին իր տեսակէտը պիտի յայտնէ: Ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը կարեւոր նկատեց մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը:

comments

Advertisement