By Asbarez | Wednesday, 13 June 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կինը՝ Առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեան, իր նիւթական կարողութիւններով աւելի հարուստ է, քան իր նախագահ ամուսինը: Այս մասին կը վկայեն բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու էթիկայի յանձնաժողովէն ստացուած գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագիրները:
Ըստ անոնց, 2011ին Սերժ Սարգսեան ոչ շարժական, ոչ ալ անշարժ գոյք ձեռք բերած է: Նախագահը չունի նաեւ արժեթուղթեր եւ այլ ներդրումներ, յանձնուած կամ վերադարձուած փոխառութիւններ:
Սերժ Սարգսեան իր յայտարարագիրին մէջ չէ նշած նաեւ 8 միլիոն դրամը գերազանցող կամ անոր համարժէք արտարժոյթէ աւելի արժէք ունեցող թանկաժէք գոյք ունենալուն մասին: Մինչդեռ, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուած 1 Մարտ 2011էն մինչեւ 1 Մարտ 2012ի ժամանակահատուածին համար նախագահը տեղակագրած էր, որ ունի 18-20րդ դարու հնաոճ իրեր (արձանիկներ, քանդակներ եւ այլն), ինչպէս նաեւ Խանջեանի, Սարեանի, Յակոբեանի, Գիւրջեանի, Բաշինջաղեանի, Մինասի, Երուանդ Քոչարի, Գոջոյեանի եւ Աբեղեանի կտաւներու հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ 20րդ դարու ժամանակակից նկարիչներու 32 պաստառներ:
Այս կը նշանակէ, որ վերոյիշեալ թանկարժէք իրերը նախագահը գնած է 2012ի առաջին երկու ամիսներուն ընթացքին, այդ իսկ պատճառով տեղ չեն գտած 2011ի յայտարարագիրին մէջ:
2011ին Սերժ Սարգսեան ստացած է 3 միլիոն 898 հազար 800 դրամի աշխատավարձ, 2 միլիոն 45 հազար 89 դրամ աշխատանքի վարձատրութեան հաւասարեցուած այլ վճարում, ինչպէս նաեւ 8 միլիոն 620 հազար դրամ տրուած փոխառութիւններու դիմաց ստացուած տոկոս:
2011ին Սերժ Սարգսեան ունեցած է շուրջ 14 միլիոն 563 հազար 889 դրամի եկամուտ: Մինչդեռ 2011ի 1 Յունուարի դրութեամբ նախագահը ունեցած է 96 միլիոն, իսկ Դեկտեմբերի 31ի դրութեամբ՝ 104 միլիոն դրամ:
Նախագահին կինը՝ Ռիտա Սարգսեան եւս, 2011ին ո՛չ շարժական, ոչ ալ անշարժ գոյք ձեռք բերած, չէ ունեցած նաեւ արժեթուղթեր եւ այլ ներդրումներ, յանձնուած կամ վերադարձուած փոխառութիւններ:
Որպէս եկամուտ Ռիտա Սարգսեան զեկուցած է, որ փոխառութիւններու դիմաց ստացած է 9 միլիոն 25 հազար դրամի տոկոս եւ 8 միլիոն 500 հազար դրամի նուիրատուութիւն: Ընդհանուր առմամբ, Ռիտա Սարգսեանը 2011ին ստացած է 17 միլիոն 25 հազար դրամի եկամուտ, սակայն տարուան սկիզբը նախագահի կինը ունեցած է 100 միլիոն 500 հազար, իսկ տարեվերջին՝ 112 միլիոն դրամ:
Պարզ հաշիւներով ի յայտ կու գայ, որ 31 Դեկտեմբեր 2011ի դրութեամբ Ռիտա Սարգսեանն ունի 8 միլիոն դրամ աւելի շատ գումար, քան Սերժ Սարգսեանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ