By Asbarez | Wednesday, 13 June 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Վարդան Օսկանեան 13 Յունիսին կրկին հարցաքննութեան կանչուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ։
Այս առնչութեամբ ան իր Դիմատետրի էջին վրայ գրած է. «Այսօր կրկին հրաւիրուել էի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն՝ ցուցմունք տալու: ԱԱԾի երէկ տարածած հաղորդագրութեան բովանդակութիւնից ակնյայտ էր, որ յարուցուած քրէական գործի շրջանակում ես հարցաքննւում եմ ոչ թէ որպէս վկայ, այլ՝ կասկածեալ: Սա նկատի ունենալով՝ ես որոշեցի օգտուել իմ սահմանադրական իրաւունքից եւ ցուցմունք չտալ»:
Նախապէս հաղորդած էինք, որ Վարդան Օսկանեանը կանչուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն՝ հարցաքննութեան: Այս առնչութեամբ ան յայտարարութիւն հրապարակած է. անոր մէջ կ՛ըսուի. «Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ինձ որպէս վկայ հրաւիրել էր ցուցմունք տալու Քրէական օրէնսգրքի 190րդ յօդուածի 3րդ կէտի («Յանցաւոր ճանապարհով ստացուած եկամուտներն օրինականացնելը (փողերի լուացումը)») յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործի շրջանակում, որն առնչւում է ինձ եւ իմ հիմնադրած «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի գործունէութեանը»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ