Վտանգուած Է Տինքի Սպանութիւնը Լուսաբանած Լրագրողին Կեանքը

By Asbarez | Thursday, 17 June 2010

ՊՈԼԻՍ.- Երեքշաբթի, Յունիս 16ին, թրքական <<Հիւրրիյէթ>> թերթը կը հաղորդէ, թէ Մամլոյ միջազգային հիմնարկին (IPI) կողմէ <<Համաշխարհային մամլոյ ազատութեան հերոս>> մրցանակը ստացած լրագրող Նետիմ Շեներ յայտնած է, որ իրեն համար պատիւ է նման մրցանակ ստանալը, սակայն միաժամանակ նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ իր կեանքը վտանգուած կը մնայ:


Շեներ, որ <<Միլլիյէթ>> թերթի լրագրող մըն է եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին գիրք ու բազմաթիւ յօդուածներ հեղինակած, յայտնած է. <<Թուրքիոյ մէջ ապահով չես զգար: Մամլոյ ազատութիւնը շատ վատ վիճակի մէջ է: Եթէ Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ նիւթեր գրես, կրնաս սպաննուիլ: Այս մէկը շատ վտանգաւոր իրավիճակ է>>: Շեներ նաեւ նման մրցանակի համար շնորհակալութիւն յայտնած է Մամուլի միջազգային հիմնարկին: Մամլոյ միջազգային հիմնարկի Թուրքիոյ յանձնախումբի քարտուղար Եարտանուր Աթատան նշած է, որ Տինքի սպանութեան հարցով նման հետաքննութիւն իրականացնելուն համար, Շեներ իսկական հերոս մըն է: Նշենք, որ Շեներ Թուրքիայէն 3րդ լրագրողն է, որ այս մրցանակին կը տիրանայ: Նախապէս անոր տիրացած են Ապտի Իփեքչի եւ նոյնինքն Հրանդ Տինք:


2009ի Փետրուարին հրատարակուած է Շեների <<Տինքի սպանութիւնը եւ հետախուզութեան սուտերը>> գիրքը, որմէ ետք խումբ մը ոստիկանապետներ Շեների դէմ դատ բանալու դիմումներ կատարծ են՝ պահանջելով մինչեւ 32 տարուան բանտարկութիւն:

comments