Քաջօ Աշաճեան՝ Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Թեկնածու

By Asbarez | Thursday, 17 June 2010

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 33րդ ընտրատարածքին նախնական ընտրութիւնները տեղի ունեցան Երեքշաբթի, Յունիս 8ին:


Քաջօ Աշաճեան արդէն իսկ կրցած է բաւական մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութեանց եւ կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը ապահովել: Ան վերջին 12 տարիներուն իր համայնքի քաղաքական կեանքին գործօն մասնակցութիւն բերած է՝ դառնալով վերահսկիչներու մարմինի անդամ, նպաստելով գաւառին ամավարկը հաւասարակշռելու աշխատանքներուն: Ան նաեւ կարեւոր ներդրում ունեցած է շրջանի կրթական մարզը, վարժարաններու ապահովութիւնը եւ առողջապահութեան մարզը բարելաւելու աշխատանքներուն մէջ: Յաւելեալ մանրամասնութեանց կամ ընտրապայքարին աջակցելու մասին տեղեկութիւններու համար, դիմել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ՝ (818) 500-1918 թիւով:


Յաւելեալ մանրամասնութեանց կամ ընտրապայքարին աջակցելու մասին տեղեկութիւններու համար, այցելել www.katchoforassembly.org համացանցային կայքը:

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկանցէ, թէ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Լուիս Օպիսպօ գաւառի վերահսկիչներու մարմինի անդամ Քաջօ Աշաճեան ապահոված է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ընտրութեանց Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն դառնալու իրաւունքը, եւ Նոյեմբերին կայանալիք ընտրութեանց պիտի պայքարի դեմոկրատ թեկնածուիին դէմ:

 

 

comments