By Asbarez | Thursday, 14 June 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն անդրադարձած է արտաքին գործոց նախկին նախարար, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հիմնադիր Վարդան Օսկանեան դէմ յարուցուած դատին եւ անոր այն յայտարարութեան, թէ դատին ետին «ակնյայտ քաղաքական պատուէր կայ»: Դեսպանը նկատել տուած է, որ այս հարցի արծարծման ժամանակն է, որ քիչ մը անհանգստացնող է։
«Սիվլիթաս»ը կարեւոր է մեզի համար եւ մենք մեծապէս հետաքրքրուած ենք այս գործով», աւելցուցած է դեսպանը՝ նշելով, որ տեղեակ չէ, թէ «ի՛նչ դրամներ են, ո՛ւր գացած են եւ ով ինչ ըրած է»։
«Սիվիլիթաս»ը շատ կարեւոր գործընկեր է մեզի համար, եւ մենք կը կարծենք, թէ անիկա շատ կարեւոր է Հայաստանի համար՝ քաղաքական առումով, ինչպէս նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու համար», դիտել տուաւ ան։ Դեսպան Հեֆըրն նշեց, որ ինք անձամբ պիտի երթայ «Սիվիլիթաս»ի կեդրոն եւ մանրամասնութիւններ քաղէ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ