Նալբանդեան Համանախագահներու Յայտարարութիւնը Ողջունելի Կը Գտնէ

By Asbarez | Tuesday, 14 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, անցեալ Շաբաթ օր, Երեւանի մէջ, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ճէյմս Սթայնպըրկի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստան կ՛ողջունէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու նախագահներու յայտարարութիւնը: Անդրադառնալով նախօրէին նախագահներու յայտարարութենէն ետք, ԵԱՀԿի եւ համանախագահ երկիրներու պաշտօնական կայքէջերուն վրայ յայտնուած տեղեկատուութեան՝ այսպէս կոչուած «Մատրիտեան սկզբունքներ»ու վերաբերեալ (տես էջ 8), Էդուարդ Նալբանդեան յայտնած է, թէ «Որոշ մանրամասներու շուրջ ընթանում են բանակցութիւններ, որոշ մանրամասներ չեն քննարկուել: Բայց կարեւոր է, որ այն, ինչի մասին բաւական երկար ժամանակ յայտարարում էր Հայաստանը, այնտեղ միանշանակօրէն ասւում է.

Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է որոշուի Ղարաբաղի ժողովրդի կամքի արտայայտմամբ, որը պէտք է ունենայ իրաւական պարտադրող ուժ: Կարեւոր է, որ խօսւում է անխափան ցամաքային կապի մասին Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ: Կարեւոր է, որ խօսւում է անվտանգութեան երաշխիքների մասին: Սրանք կարեւոր էլեմենտներ (տարրեր են-Խմբ.) են, որոնց մասին Հայաստանը բազմիցս յայտարարել է որպէս կարեւորագոյն հիմք՝ Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման համար:

Նալբանդեան, յատկապէս անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գոծընթացին մէջ՝ յայտնած է. «Միացեալ Նահանգները, հանդիսանալով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրներից մէկը, լուրջ ներդրում ունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացում, եւ մենք ողջունում ենք ԱՄՆ եւ միւս համանախագահ երկրների համատեղ կառուցողական ջանքերը՝ մեր եւ տարածաշրջանի համար այս առանցքային հիմնախնդրի հանգուցալուծման գործընթացում: Եւս մէկ անգամ ընդգծուեց, որ Հայաստանը շարունակելու է ջանքեր գործադրել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ, ազգերի ինքնորոշման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ուժի չկիրառման սկզբունքների հիման վրայ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement