Տիգրան Սարգսեան Հաշիւներ Ունի Տարբեր Դրամատուներու Մէջ Եւ Բաւական Մեծ Տոկոսներ Կը Ստանայ

By Asbarez | Monday, 18 June 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան վերջին տարիներուն սկսած է դրամ կուտակել: «Հետք»ի համաձայն, այդ մասին կը վկայեն անոր ներկայացուցած գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագիրները: Վարչապետը հաշիւներ ունի տարբեր դրամատուներու մէջ եւ զգալի տոկոսավճարներ կը ստանայ անոնց փոխարէն:

2011ի աւարտին Տիգրան Սարգսեանի դրամական միջոցները կը կազմէին 35 միլիոն դրամ եւ 859 հազար տոլար: Այդ տարի վարչապետին եկամուտին վրայ աւելցած է նաեւ 3 միլիոն 334 հազար 80 դրամ աշխատավարձը, 211 հազար դրամ դասախօսութենէն ստացած վճարումը, ինչպէս նաեւ 3 տարբեր հաշիւներէ ստացած տոկոսները, համապատասխանաբար՝ 12 միլիոն 30 հազար, 214 հազար 221 եւ 16 միլիոն 897 հազար 257 դրամ:

Համեմատութեան համար նշենք, որ Տիգրան Սարգսեան 2009ին ունէր 17 միլիոն 247 հազար 707 դրամ եւ 22 հազար 116 տոլար:

Նիւթական նուազ լաւ վիճակի մէջ չէ նաեւ վարչապետին կինը՝ տնային տնտեսուհի Գոհար Սարգսեան: Ըստ յայտարարագիրին, թէեւ ան ոչ մէկ տեղ կ՛աշխատի, սակայն 2011ի սկիզբը ան ունէր 12 միլիոն դրամ եւ 119 հազար 823 հազար տոլար, իսկ տարեվերջին այս գումարը հասած էր 15 միլիոն դրամ եւ 128 հազար 920 տոլարի: Վարչապետի կնոջը եկամուտներէն է նաեւ տարբեր դրամատուներու մէջ անոր ունեցած հաշիւներէն գոյացած տոկոսները՝ 3 միլիոն 480 դրամ եւ վարձակալութենէն ստացած եկամուտը՝ 10.000 եուրօ: Փաստօրէն, նշուած եուրօները եկած ու գացած էր, թէեւ անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ այդ գումարը վարչապետի կնոջ դրամական միջոցներու ցանկին մէջ չկայ:

Վարչապետը անշարժ գոյքի պակաս ալ չունի: Տիգրան Սարգսեանը Երեւանի Չարենց փողոցին մէջ ունի 122.16 քմ. մակերեսով բնակարան, 48.2 քմ կառատուն, համատեղ սեփականութեամբ 92.8 քմ մակերեսով բնակարան Բաղրամեան փողոցին մէջ, 133.9 քմ մակերեսով առանձնատուն եւ 0.05 հեկտար հողամաս Վշտունի փողոցին մէջ, 95.7 քմ մակերեսով առանձնատուն եւ 0.1 հա հողամաս Նուռնուս գիւղոին մէջ, ինչպէս նաեւ 0.2938 հա հողամաս Դիլիջանի մէջ: Հետաքրքրական է այն, որ արդեօք վարչապետին կինը հանրութեան պիտի ներկայացնէ՞ այն բանաձեւը, ըստ որուն, առանց աշխատելու կարելի է միլիոններ կուտակել:

comments