ԼՂՀն Դրական Կը Նկատէ Օպամայի, Փութինի Եւ Հոլանտի Յայտարարութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 19 June 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրները՝ Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ 19 Յունիսին յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ հաստատելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ միջոցներով։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան դիտել տուաւ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութիւնը ակնկալելի էր: Անով Ատրպէյճան յստակօրէն կը հասկնայ, որ հակամարտութիւնը ուժի միջոցով լուծելու տարբերակը անընդունելի է միջազգային հանրութեան համար:

«Ճիշդ է՝ մենք փոքր-ինչ զգացմունքային ենք վերջին ժամանակահատուածում՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի կողմից զինադադարի ռեժիմի կոպիտ խախտումները, սակայն պէտք է հասկանալ համանախագահներին: Նրանք կոչ արեցին բոլոր կողմերին, ոչ միայն Ատրպէյճանին, եւ այդ կոչը երկակի պէտք է հասկանալ», նշեց Բաբայեան:  Անոր համաձայն, Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն հրաժարելու ապակառուցողական քաղաքականութենէն, իսկ հայկական կողմին՝ չընել այն, ինչ որ կ՛ընէ Ատրպէյճանը, այսինքն՝ չորդեգրել նոյնանման քաղաքականութիւն:

Այնուամենայնիւ, զգացականութիւնը մէկդի դնելով, Բաբայեան դրական նկատեց յայտարարութիւնը: Ան տեղեկացուց, որ այս հարցով որեւէ հանդիպում իր կարեւորութիւնը ունի, որովհետեւ միշտ ալ շեշտը կը դրուի խաղաղ միջոցներով եւ բանակցութեան ճամբով այս տագնապին լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութեան վրայ։

comments