Ըստ ՀՅԴի՝ Եռակողմ Յայտարարութիւնը Ահազանգ Է

By Asbarez | Tuesday, 14 July 2009

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, անդրադառնալով ԱՄՆի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներու միացեալ յայտարարութեան՝ յայտնած է, թէ «Երեք նախագահների մակարդակով կատարուած յայտարարութիւնն ինքնին՝ բաւականին լուրջ, զգուշացնող ու զգաստացնող յայտարարութիւն է, եւ արդէն յայտարարութեան ընդհանուր սկզբունքներից եւ պահանջներից կարելի է ենթադրել, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահների, այդ թւում՝ ղարաբաղեան կարգաւորման շուրջ քննարկումների արդիւնքում, լինելու են արտաքին լուրջ ճնշումներ եւ պարտադրանքներ»:

Իշխանեանի խօսքերով, նախագահները կը փորձեն ներկայացնել մատրիտեան սկզբունքները, որոնց բազմիցս դէմ արտայայտուած է ղարաբաղեան կողմը:

Արդեօք կարելի՞ է համարել, որ Ղարաբաղեան հարցը կրնայ դառնալ ԱՄՆի եւ Ռուսիոյ հաշտեցման «խորհրդանիշ»» հարցումին ի պատասխան, ՀՅԴ ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ իր կարծիքով այդ յարաբերութիւններուն մէջ Ղարաբաղը կրնայ փոքր խնդիր ըլլալ այդ երկիրներուն համար:

Իրենց համար փոքր, բայց մեզ համար ճակատագրական եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող խնդիր: Ի հարկէ, յայտարարութիւնը շատ լուրջ եւ զգուշացնող է, այնուամենայնիւ չպէտք է խուճապի մատնուել, եւ բոլոր դէպքերում, պէտք է առաջիկայում փնտռել նոր սկզբունքներ ու մօտեցումներ՝ հարցերի քննարկման համար», աւելցուցած է Իշխանեան:
Այս յայտարարութիւնը, ըստ Իշխանեանի, պէտք է ընդունիլ իբրեւ ահազանգ, որուն անհարժեշտ է լրջութեամբ անդրադառնալ:

ՀՅԴ ներկայացուցիչը միաժամանակ ընդգծած է, թէ մեր ժողովուրդի վիզին յայտարարութիւններ եւ որոշումներ փաթթելու փորձեր միշտ ալ եղած են: Բայց անոր կարծիքով, յառաջիկայ ամիսներուն հայկական կողմին համար ճակատագրական որոշումներ պիտի չկայացուին, ուստի, պէտք չէ խուճապի մատնուիլ եւ ամէն ինչ կորսուած համարել, որովհետեւ՝ «Մի նոր փուլ է սկսւում ղարաբաղեան գործընթացում»:

Մոսկուայի մէջ կայանալիք Ալիեւ-Սարգսեան հանդիպման ընթացքին համապարփակ փաստաթուղթի ստորագրման հնարաւորութեան մասին յաճախ խօսուած է վերջին շրջանին: ՀՅԴ Արցախի ԿԿի ներկայացուցիչի կարծիքով, այդ փաստաթուղթը, եթէ նոյնիսկ ստորագրուի, ոչ մէկ ուժ կրնայ ունենալ Ղարաբաղի համար:

Ղարաբաղն ի սկզբանէ յայտարարել է, որ որեւէ քաղաքական ուժի, իշխանութեան, թէկուզ ՀՀ իշխանութիւնների մակարդակով ստորագրուած փաստաթուղթ, որը չի բխելու ոչ միայն Ղարաբաղի, այլ ամբողջ հայ ժողովրդի շահերից, չի ընդունուելու», շեշտած է Իշխանեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement