Եռակողմ Վեցերորդ Գագաթնաժողովը Որեւէ Տեղաշարժի Նշան Ցոյց Չի Տար

By St. PETERSBURG | Thursday, 24 June 2010

Երէկ, Սան Փեթերզպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը, որ իր տեսակին մէջ կը հանդիսանար վեցերորդը:
Այս հանդիպումէն մեծ ակնկալութիւններ չունեցող քաղաքական դիտորդներու նախատեսութիւնը կը թուի, թէ ճի՛շդ դուրս եկած է: Հանդիպումէն ետք, նախագահ Մետվետեւ եռակողմ գագաթնաժողովներու յաճախակիութիւնը միայն, իբրեւ լրագրողներու փոխանցելու արժանի տեղեկութիւն նկատած է:


<<Մենք արդէն վեց հանդիպում ունեցած ենք, ի դէպ՝ երեքով, ինչպէս կ՛ըսեն, վեց անգամ հանդիպած ենք, եւ ատիկա քիչ չէ>>, յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ:
Երեք նախագահներու հանդիպման առաջին բաժինը կայացած է լրագրողներու ներկայութեամբ, որոնք նկատած են, թէ նախագահներուն խօսակցութիւնը սկսած է եղանակին մասին զրոյցով մը:
Հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ նախագահին անունով կազմակերպուած է աշխտանքային ընթրիք: Թերթը տպարան ուղարկելու պահուն տակաւին յստակ չէր, թէ նախագահներ Սերժ Սարգսեան ու Իլհամ Ալիեւ առանձին երկկողմանի հանդիպում պիտի ունենայի՞ն, թէ ոչ:


Նշենք, որ վերջին եռակողմ բանակցութիւնները կայացած էին Սոչիի մէջ, այս տարուան Յունուար 25ին:
Այսօր, Ս. Պեթերզպուրկի մէջ նախագահ Սարգսեան պիտի հանդիպի ԵԱՀԿի Մինկսի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Պեռնար Ֆասիէի եւ Ռապըրթ Պրատթքիի հետ: Երեք համանախագահները Յուլիսի սկզբը պիտի այցելեն Հայաստան եւ Ատրպէյճան՝ տեղւոյն վրայ շարունակելու համար ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւնները:
Սերժ Սարգսեան Ս. Պեթերզպուրկի մէջ պիտի մասնակցի նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի 300ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement