ԱՐՈՒԵՍՏ- Հարցազրոյց՝ Դերասանուհի Անի Նահապետեանի Հետ

By ASBAREZ - George Atourean | Thursday, 24 June 2010

Դերասանուհի Անն (Անի) Նահապետեան (ծանօթ է նաեւ Անն Պետեան-Anne Bedian անունով) ծնած է Մոնթրէալ (Գանատա): 17 տարեկանին մուտք գործած է Գանատայի ծովուժը եւ հոն ծառայած 3 տարի, որմէ ետք <<Քոնքորտիա>> (Concordia) համալսարանին մէջ հետեւած է հաշուապահութեան ճիւղին:

Այս բոլորէն ետք, Անին կ՛որոշէ իր սիրած ասպարէզը հետապնդել եւ դառնալ դերասանուհի, որուն համար ինքզինք կը պատրաստէ՝ հետեւելով միջազգային ճանաչում վայելող, <<Կրուփ Թիեթըր>>ի (Group Theatre) հիմնադիրներէն Սենֆորտ Մէյսնըրի (Sanford Meisner) ուսուցման: Ապա ան դերեր կը ստանձնէ եռատասնեակէ աւելի գանատական եւ ամերիկեան պատկերասփիւռի եւ շարժապատկերի ֆիլմերու մէջ:


Անի Նահապետեան հաստատուած է Լոս Անճելըս: Անոր վերջին ֆիլմը՝ <<Թրի Վէյլզ>> (Three Veils)ը, որուն նկարահանումները աւարտեցան քանի մը շաբաթ առաջ, սրահներէ ներս պիտի ցուցադրուի յառաջիկայ ամիսներուն:
Ճորճ Ատուրեան Անիին հետ ունեցաւ անգլերէնով հարցազրոյց մը, որուն հայերէն տարբերակը կը ներկայացնենք ստորեւ.

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- 17 տարեկանին մուտք գործեցիք Գանատայի ծովուժ եւ հոն ծառայեցիք 3 տարի: Ինչպէ՞ս մտածեցիք այդպիսի քայլ մը առնել: Ի՞նչ բան ձեզ մղեց <<զինուորական աշխարհ>> մուտք գործելու:
ԱՆԻ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ.- Ծովուժին միանալու գաղափարը այդ օրերուն, մանաւանդ 10 շաբաթ նորակոչներու ճամբարին մէջ կարենալ դիմանալը, արտասովոր բան մըն էր: Այդ մէկը մարտահրաւէր մը ըլլալ կը թուէր եւ յատկապէս՝ անկարելի. ուրեմն որոշեցի զինուրագրուիլ եւ նորակոչներու ճամբարէն յաջողած դուրս գալ, սակայն ինչպէ՞ս, չէի գիտեր: Անոր՝ իմ աշխահէս շա՜տ, շատ հեռու ըլլալու իրողութիւնը հաճելի կը թուէր, մանաւանդ որ զիս պիտի մղէր մագլցելու լեռներ՝ զանոնք նուաճելու նպատակով: Այս երկու տուեալներն էին, որոնք ամէնէն շատ զիս հրապուրեցին, առաւե՛լ՝ մեր տարազը շատ սիրեցի:


ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ծովուժէն ներս 3 տարի ծառայելէ ետք, Գանատայի <<Քոնքորտիա>> համալսարանէն ներս հետեւած էք հաշուապահութեան ուսման: Իրարմէ այսքան տարբեր <<աշխարհներ>>ու մէջ ըլլալէ ետք ինչպէ՞ս որոշեցիք դերասան դառնալ: Ի՞նչ բան ձեզ հրապուրեց այդ գործին մէջ:
ԱՆԻ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ.- Հաշուապահութեան ճիւղին մէջ մասնագիտացայ, որովհետեւ, նախքան բանակ ծառայելս, կը զգայի, թէ դպրոցէս ներս ուսողութեան մէջ տկար էի: Ամբողջ դպրոցական տարիներուս տեւողութեան, մայրս ինծի հետ անհամար ժամեր անցուցած է ուսողութեան, գրահաշիւի եւ երկրաչափութեան դասերը միասնաբար սերտելու համար: Առ այդ, որոշեցի երթալ եւ միանգամընդմիշտ ուսողութեան հետ հարցս լուծելու: Գիտէի, որ աւելի նուազ <<խելք>> չունէի, քան այն անձերը, որոնք A+ կը ստանային, պարզապէս պէտք ունէի <<իմս>> աւելի շատ գործածելու (առնուազն՝ ըստ մօրս խօսքերուն):
Դերասանութեան որդը մէջս էր, նախքան բանակի եւ հաշուապահութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը: Բազմաթիւ անգամներ զայն հետապնդելը յետաձգած եմ, քանի որ ան շատ հեռու կը թուէր՝ զայն <<գրկելու>> համար, ու չէի գիտէր ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս սկսիլ: Երկար ժամանակ կը պատկերացնէի, թէ կրնամ համայնքի (թաղային) թատրոնին մէջ խաղալ՝ իբրեւ զբաղում, եւ այդպիսով հանգստացնել հոգիս: Սակայն, ան (դերասանութեան որդը) անընդհատ վերադարձաւ ու <<դուռս ծեծեց>>, ու վերջապէս զայն ընդունեցի: Այդ ընելով՝ կարծէք ինծի համար բացուեցան փոքրիկ դռներ, որոնք զիս առաջնորդեցին եւ բերին, հասցուցին այստեղ՝ Հոլիվուտ:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պատրաստուեցաք իբրեւ դերասան:
ԱՆԻ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ.- Ես Մէյսնըրի դպրոցի հետեւորդ դերասան եմ: Անիկա իմ պատրաստութեանս մեծագոյն մասը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ: Մոնթրէալի մէջ, առաջին մարզիչս՝ Ժեգլին ՄքՔլինթօք (Jacqueline McClintock), <<մէյսնըրեան>> դերասանական ձեւի պատրաստութեանս գլխաւոր պատասխանատուն է: Ան ամենախորունկ ազդեցութիւնը ունեցած է իմ դերասանական կատարումիս եւ հետեւաբար՝ կեանքիս վրայ:
Ծանր աշխատանքով է, որ բոլոր մանրամասնութիւնները կը կուտակուին՝ հասցնելով գագաթնակէտի մը, երբ կը ներկայանաս նկարահանման վայր: Ժապաւէնի մը նկարահանումը հաճոյք մըն է, որուն ճամբով կարողութիւններդ կրնաս արտաբերել: Այնտեղ լաւ վերաբերմունք կը ցուցաբերուի դերասաններու նկատմամբ, ամէն ինչ ապահովուած է, եւ ատիկա իմ սիրած գործս է, զոր կը կատարեմ մեծ հաճոյքով: Շատ Դժուար պիտի ըլլար տուեալ ժապաւէնի մը համար իբրեւ դերասան ընտրուելու (audition) առիթը տալ ինծի, եթէ ուժեղ նախապատրաստութիւն չունենայի: Ֆիլմի մը մէջ դերի մը համար ընդունուիլը շատ աւելի դժուար է, քան նոյնինքն դերը կատարելը:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը նախապատրաստուիք ձեր դերերուն:
ԱՆԻ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ.- Որոշ կերպ մը չունիմ. կը կարծէի թէ ունիմ: Անմիջապէս կը մտածեմ երգի մը մասին, որ կը յիշեցնէ կերպարը եւ զայն կը գործածեմ իբրեւ գործիք՝ նախապատրաստական աշխատանքիս համար: Երբեմն ալ կը հրաւիրեմ այլ դերասան մը, եւ միասնաբար կը փորձենք բեմագրութեան (screenplay) մէջ գտնել այնպիսի բաներ, զորս ես չէի յաջողած գտնել: Այլ պարագաներու, բեմագրութիւնը կարդացած ընթացքին, միտքիս մէջ կերպարը <<կը հագցնեմ>>: Ես արդէն պատկերացումը ունիմ, թէ ան (կերպարը) ի՞նչ պէտք է հագած ըլլայ:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞ր տեսակի դերը իտէալ դերն է, եթէ, անշուշտ, <<իտէալ դեր>> գոյութիւն ունի ձեզի համար:
ԱՆԻ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ.- Կը կարծէի, որ <<տրամա>> տեսակի դերերը իտէալ են ինծի համար: Սակայն Լոս Անճելըս փոխադրուելէ ետք, <<մէյսնըրեան>> մարզիչիս հետ աշխատեցայ՝ կեդրոնանալով կատակերգական (comedy) դերերու վրայ. անցեալ տարի նոյնիսկ մարզուեցայ <<Եու.Սի.Պի.>>ի մէջ (UCB-Upright Citizen՛s Bridge) եւ փորձեր կատարեցի երկարաշունչ կատակերգական պատրաստաբանութեան (improvisation): Ուրեմն, իտէալը ինծի համար մարտահրաւէր պարունակող նոր եւ տարբեր դերերն են:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Վերջերս դեր ստանցնեցիք <<Թրի Վէյլզ>> (Three Veils) խորագիրով նոր ֆիլմին մէջ: Պատմեցէք մեզի այդ մասին:
ԱՆԻ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ.- <<Թրի Վէյլզ>>ը ներկայ օրերու հանգամանքներուն մէջ երեք մուսլիման կիներու մասին է: Ես կը կատարեմ այդ կիներէն մէկուն մօր դերը՝ յետադարձ տեսարաններու (flashback) մէջ: Ասիկա փոքր անկախ (independent) ժապաւէն մըն է, որ սրահներէն ներս պիտի ցուցադրուի յետագայ ամիսներուն: Ինծի համար տարբեր բան մըն էր՝ նկատի ունենալով, որ ընդհանրապէս անկախ ֆիլմերու մէջ դերեր չեմ ստանձներ: Բեմագրութիւնը խորունկ է եւ շատ տպաւորուած եմ բեմագիր-բեմադրիչով եւ մեծ վստահութիւն ունէի, որ ան շատ լաւ գործ մը մէջտեղ պիտի բերէ: Այս մէկը օրինակ մըն է այնպիսի գործի մը, զոր կ՛ընդունիմ իրագործել իբրեւ դերասան, անկախ նիւթական որեւէ ակնկալութենէ: Այս դերը հոգեկան մեծ ներդրում կը պահանջէր եւ ֆիզիքապէս սպառիչ էր:

 

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement